Խմբագրական. Սեւրը Առանցք` Հատուցման Իրաւական Թղթածրարին

0809Wilsonian_ArmeniaՍեւրի դաշնագիրն ու ուիլսընեան իրաւարար վճիռը մեր իրաւական պահանջատիրութեան գագաթնակէտը կարելի է նկատել: Սակայն իրաւական այս փաստաթուղթը, որ ըստ միջազգային օրէնքի փորձագիտական մեկնաբանութիւններուն, անբեկանելի է  եւ առ այդ կը շարունակէ պահել իր վաւերականութիւնը, այլ կարեւոր խորհուրդ եւ ուղերձ կը փոխանցէ:

Իրաւական մեր պահանջատիրութիւնը կրնայ բարձրակէտի հասնիլ, հայ իրաւագիտական  միտքը կրնայ փայլուն թղթածրար պատրաստել, ուր մեր պահանջատիրութեան եւ միջազգային օրէնքի իրաւական համընկնումներով եւ համահնչեղութեամբ յատկանշուին. սակայն, երբ քաղաքական բաժինը չօգնէ, երբ քաղաքական ընդհանուր իրավիճակի բարենպաստ պայմանները չձեւաւորուին եւ մանաւանդ մեր ուժական գործօնը անհրաժեշտ արդիւնաւէտութեամբ չաշխատի,  իրաւական բարձունքը գետնի վրայ չ՛առարկայանար:

Այդպէս էր Սեւրը: Բայց Սեւրը կը շարունակէ հանդիսանալ մեր համազգային պահանջատիրութեան առանցքային փաստաթուղթը, որ իբրեւ նախանշային կարեւորութիւն ներկայացնող ուղեցոյց, գաղափարախօսութիւն եւ նպատակ կրնայ համախմբել համազգային ռազմավարութիւնը: Սեւրը, սակայն, միայն Արեւմտահայաստանի պահանջատիրութեան խորհրդանիշ չէ: Սեւրը ամբողջական հայրենիքի սահմանագծումն  է: Սեւրը նաեւ այսօրուան մեր հանրապետութիւնն է:

Սեւրի իրականացումը, ինչպէս ըսինք, պայմանաւորուած է աշխարհաքաղաքական պայմաններով եւ հայկական գործօնի ուժականութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութիւնն է ուժական գործօնը: Սեւրեան Հայաստանի իրականացման համար անփոխարինելի երաշխիք է այսօրուան մեր հանրապետութիւնը: Անոր հզօրացումը էական նախապայման է Սեւրով իրաւականացած մեր հայրենիքի կերտման:

Սեւրը գործնապէս սահմանագծում է: Նոր սահմանագծումները, նոր պետութիւններու ստեղծումը աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու մէջ այժմէական հնչեղութիւն ունին: Տարածաշրջանին մէջ արձանագրուող զինուորաքաղաքական իրադրութիւնները կրնան նախանշել տակաւին անորոշ, սակայն հետզհետէ գետնի վրայ աշխարհագրական եւ ժողովրդագրական նոր միջավայրերու ձեւաւորման միտումները:

Երկիրներու նոր սահմանագծման ուղղութիւններն ու միտումները քաղաքական ընթերցումի ենթարկելու անհրաժեշտութեան առջեւ է հայ քաղաքական միտքը այսօր: Ինքնավար քիւրտիստաններու սահմաններու ուրուագծման երեւոյթը, ժողովրդագրական բնոյթով յատկանշուող շրջաններու ամայացումը կամ այլապէս բնակեցումը  աշխարհաքաղաքական նոր ծրագիրներու նախադրեալներ կրնան նկատուիլ: Հետզհետէ նկատուող Քիւրտիստանի ստեղծման հաւանականութեան իրականութեան դիմաց, Սեւրը նաեւ կրնայ մեկնակէտ ծառայել հայ-քիւրտ այս առումով յստակեցման միտող բանակցութիւններու` տրուած ըլլալով, որ այս պայմանագիրը գծած էր նաեւ քիւրտերուն տրուելիք տարածքները: Աւելորդ չ՛ըլլար նաեւ յիշելը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան վերլուծական բաժանմունքի հրապարակած զեկուցումին այն բաժինը, որ յառաջիկայ քսանամեակին համար կատարած կանխատեսումներուն մէջ կը խօսէր Թուրքիոյ մասնատման հաւանականութեան մասին:

Սեւրը օրախնդիրի վերածելը նաեւ ներազգային առումով յատուկ նշանակութիւն ունի: Նախագահ Սարգսեանի այցելութիւնը Ուիլսընի շիրիմին, այնտեղ կատարած յայտարարութիւնները, Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի 90-ամեակին առիթով յիշելը, որ վճիռը կը պահէ իր այժմէական եւ իրաւական նշանակութիւնը եւ վերջապէս հայ իրաւագէտներու համաժողովին ընթացքին գլխաւոր դատախազին խօսքը, որ թէկուզ անձնական տեսակէտի ձեւակերպումով, այդուհանդերձ կը շեշտէր Հայաստանի Հանրապետութեան կորսնցուցած տարածքներու վերատիրացման համար իրաւականօրէն պատրաստուելու անհրաժեշտութիւնը` այս բոլորը կ՛ընդգծեն Սեւրի շուրջ համազգային համախոհութիւն գոյացնելու հրամայականը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը յատկանշուելու կոչուած ճանաչումէն հատուցում անցումը ամէն բանէ առաջ կ՛ենթադրէ պահանջներու իրաւական թղթածրարի պատրաստութիւնը: Այդ թղթածրարը ունի հիմնական ուղղութիւններ` անհատական ինչքեր, եկեղեցիներ, վանքեր, եկեղեցապատկան կալուածներ եւ կարեւորագոյնը` տարածքային պահանջներ: Այս վերջին բաղադրիչին համար մենք ունինք իրաւական առումով բարձրակէտ մը. ուիլսընեան վճիռն ու Սեւրի պայմանագիրը: Տարածքային մեր պահանջատիրութեան համար համազգային առաջադրանքի ու նպատակի վերածուելու բոլոր նախադրեալները կ՛ամբողջացնէ Սեւրը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )