Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Երկու բարեկամներու միջեւ վէճ մը արգելք պիտի ըլլայ անոնց ազնիւ եւ սիրալիր յարաբերութեան: Հաշտարարի դերը պիտի ստանձնէք զանոնք հաշտեցնելու, բնական բարեկամութեան կապը ստեղծելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ նոյնիսկ թեթեւ անհանգստութիւն մը զգաք, անտարբեր մի՛ մնաք, դիմեցէք բժիշկին: Ձեր առողջութիւնը ամէն բանէ վեր նկատեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նոր պարտականութիւններ պիտի ստանձնէք ամառնային եղանակին: Նոյն ատեն մտածեցէք դադար մը առնելու մասին` գիւղի մէջ կամ ծովափին հանգստանալու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Չափազանցութիւններ միշտ վնասակար են, հետեւաբար, եթէ ունիք չափազանցուած աշխատանք կամ անտարբերութիւն ձեր շրջապատին հանդէպ, մեղմացուցէք ձեր վերաբերումը: Նկատի առէք ձեզի խրատ տուողներուն միտքերը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ուշադիր եղէք ձեր ճաշացուցակին: Ամէն ուտելիք բերան մի՛ թխմէք: Որկրամոլութիւնը մեղքերու շարքին կը նկատուի: Ժուժկալ եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հարցի մը կամ աշխատանքի մը մանրամասնութիւններ քննարկելը մոռցէք այդպիսի տրամադրութիւն: Կարեւորը հիմնական խնդիրը լուծելն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք գծած էք ձեր կեանքին ընթացքը: Ապագան կը կերտուի ինքնին: Կեանքին ելեւէջներուն շատ մի՛ նայիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գնահատանքի խօսքեր պիտի լսէք վերջերս ձեր իրագործած մէկ լաւ գործունէութեան համար: Անդրադարձէք, թէ ինչպիսի՞ գործունէութիւն օգտակար է ձեզի համար: Լուսաւոր միտքեր ունեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ուրիշներուն ըրածին հետեւիլը սխալ է, արտայայտեցէք այն, ինչ որ էք: Նոր ձեւակերպումները կեղծիք կը նկատուին ձեզ դիտողներուն կողմէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մոռցէք անցեալը: Այս մասին ատենին թելադրած են ձեզի ձեր կեանքին աստղերը: Մի՛ մոռնաք զայն, հետեւեցէք խրատներու, ճշմարիտին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մանկավարժական նիւթեր պիտի շօշափէք գործնական կամ տեսական իմաստով: Կրնաք օգտուիլ այսպիսի սերտողութիւններէ, որ յաւելեալ վարկանիշ մը կը բերէ ձեզի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հետաքրքրութիւնը երբեմն ձեզ կը մղէ հետաքրքրուելու ձեզի մօտիկ անձերու կենցաղով: Նման հետաքրքրութիւններ անօգուտ են, կեդրոնացէք ձեր առօրեայ եւ հիմնական աշխատանքին վրայ:

