50 Տարի Առաջ (11 Օգոստոս 1964)

Կիպրոսի Մէջ Երէկ Զինադուլ Հաստատուեցաւ

Թուրքիա Վերջ Տուաւ Օդային Յարձակումներուն,
Իսկ Կիպրոս Դադրեցուց Յարձակողականը
Թրքական Դիրքերուն Դէմ

Երէկ զինադուլ հաստատուեցաւ Կիպրոսի մէջ:

Յոյն կիպրական գիւղերու դէմ օդային յարձակումներու շարքէ մը ետք, որ տեւեց երկու օր, ռմբակոծումներու եւ հրացանաձգութեանց աղմուկը դադրեցաւ: Տարօրինակ հանդարտութիւն մը տիրեց երէկ ամբողջ օրը:

Սակայն օրը սկսած էր շատ գէշ պայմաններու մէջ: Առտուան առաջին ժամերուն յոյն-կիպրական կառավարութիւնը պաշտօնապէս ծանուցած էր թրքական զօրքերու արշաւանքին լուրը:

Նիկոսիոյ կառավարութիւնը յայտնած էր, թէ թրքական չորս խորտընկէցներ զէնք ու զինուոր իջեցուցած էր Մանսուրայի ծովափը: Այսուհանդերձ, Աթէնքի կառավարութիւնը անմիջապէս կը յայտարարէր, թէ արշաւանքի լուրը ճիշդ չէ: ՄԱԿ-ի ուժերը կը յայտնէին, թէ ցամաքահանում չէ եղած, իսկ Անգարա վճռապէս կը հերքէր:

Իրականութեան մէջ եղածը կրնար ըլլալ թուրք-կիպրացի վիրաւորներու հեռացումը խորտընկէցներու կողմէ, կամ թուրքերու եւ զէնքերու սահմանափակ զօրահանում մը` տեղացի ժողովուրդը պաշտպանելու համար:

Ամերիկացիք Կը Հեռանան

ՆԻԿՈՍԻԱ, 10 (ԱՖՓ).- Ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմին պատկանող 35 անձեր այս առտու Նիկոսիայէն մեկնեցան Նիւ Եորք:

Կիպրոս Պիտի Յարգէ

ՆԻԿՈՍԻԱ, 10 (ԱՖՓ).- Նախագահ Մակարիոս այս առտու յայտարարեց, թէ կիպրական կառավարութիւնը խղճմտօրէն պիտի յարգէ Ապահովութեան խորհուրդին որոշումը` կղզիին մէջ զինադուլի համար:

Զօր. Սունայ Փարիզ Կանչուած

ԱՆԳԱՐԱ, 10 (ԱՖՓ).- ՕԹԱՆ-ի գերագոյն հրամանատար զօրավար Լեմնիցերի կողմէ հրաւիրուելով` թուրք սպայակոյտի պետ զօրավար Ճեւտեթ Սունայ այս առտու Անգարայէն մեկնեցաւ Փարիզ:

ԱՆԳԱՐԱ, 10 (ԱՖՓ).- Ոչ մէկ զէնք, իրեղէն կամ զօրք` թուրք զինեալ ուժերուն պատկանող, ցամաք չէ հանուած Կիպրոս, կը ծանուցանէ թուրք արտաքին գործոց նախարարութեան զեկոյցը` վճռապէս հերքելով այն լուրերը, որոնց համաձայն, անցեալ գիշեր չորս թրքական խորտընկէցներ զօրք եւ իրեղէն ցամաք հանած են Մանսուրայի շրջանը:

Անգլիա Կը Հաստատէ

ԼՈՆՏՈՆ, 10 (ԱՖՓ).- Լոնտոնի կիպրական բարձր կոմիսարը կը հաստատէ, թէ թրքական երկու ինքնամուղ հալածիչներ այս առտու ռմբակոծած են Փոլիս քաղաքին կեդրոնը` տասը հոգի վիրաւորելով, որոնցմէ շատեր կիներ ու երեխաներ:

Թուրքիա Կ՛ուզէ Ազատ Պահել
Իր Օդային Ուժերը

ՓԱՐԻԶ, 10 (ԱՖՓ).- Թուրք սպայակոյտը ՕԹԱՆ-ի հրամանատարութենէն պահանջեց առժամապէս քաշել կարգ մը օդանաւային միաւորներ:

Միւս կողմէ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրատարակեց զեկոյց մը` յայտարարելով. «Այն լուրերը, որոնց համաձայն, թրքական զօրքերը հաստատուած են Կիպրոսի «Կանաչ գիծ»-ին վրայ, բոլորովին անհիմն են»:

«Թրքական զօրամասը, կ՛ըսէ զեկոյցը, ներկայիս կը գտնուի Օրթագէօյի եւ Կիւնելիի միջեւ գտնուող իրենց նախկին կայանին մէջ:

Միւս կողմէ` Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդին վիճաբանութիւնները տեւեցին աւելի քան երկու ժամ:

Ժողովէն ետք կառավարութեան բանբերը` Կոկիւս, ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը.-

«Երբեք չենք թերացած Միացեալ ազգերու որոշումներուն հանդէպ մեր յարգանքին մէջ եւ ապագային ալ պիտի չթերանանք: Եթէ հակառակ կողմը շարունակէ չյարգել այդ որոշումները, անմիջապէս պիտի առնենք օրինաւոր հակազդեցութեան լրիւ միջոցներ»:

Հրահանգը Թուրքիոյ Կ՛ուղղուէր

ԱԹԷՆՔ, 10 (ԱՖՓ).- Կիպրոսի մէջ զինադուլի հրահանգ տուող Ապահովութեան խորհուրդի քուէարկութիւնը մեծ գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ Աթէնքի կողմէ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտիկ շրջանակները այս առթիւ կ՛ընդգծեն, թէ երկու կողմերուն տրուած այս հրահանգը իրականին մէջ կը համապատասխանէ Թուրքիան իբրեւ նախայարձակ նշանակելու:

Կը մնայ գիտնալ, թէ հրահանգը պիտի գործադրուի՞:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )