«Առանց Լեռնային Ղարաբաղի Մասնակցութեան Կարելի Պիտի Չըլլայ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծումը» «Վանայ Ձայն»-ին Կ՛ըսէ Դաւիթ Բաբայեան
«Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն հարցով եւ Սոչիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին մասին հարցազրոյց մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեանի հետ:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ «Իլհամ Ալիեւ 7 օգոստոսին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է` «Պատերազմը չէ աւարտած, այլ միայն անոր առաջին հանգրուանն է ասիկա, իսկ 2-րդ հանգրուանը կրնայ սկսիլ», ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք անոր այս գրառումը, Բաբայեան ըսաւ, որ Ալիեւ միշտ այսպիսի յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ: Մենք միշտ պէտք է քննենք նման յայտարարութիւնները, այլ ոչ թէ վախնանք կամ խուճապի մատնուինք», ըսաւ Բաբայեան:
Իսկ Ալիեւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին հետ միասին Աղտամ այցելութեան հարցով Բաբայեան ըսաւ, որ Ալիեւին համար անձնական վարկանիշերը բարձրացնելը կարեւոր է, որովհետեւ ազրպէյճանական սադրանքներուն պատճառով անոնց բանակը կրած է շատ մեծ կորուստներ, ինչ որ վատ բան է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն համար: Ազրպէյճանի մէջ լուրջ հոլովոյթներ տեղի կ՛ունենան եւ պատահական չէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպանը յայտարարած է, թէ հաւանական է, որ Պաքուն նոր մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուի, այսինքն` Ուքրանիոյ դէպքերը հաւանաբար կրկնուին Ազրպէյճանի մէջ եւ իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ, այդ պատճառով ալ Ազրպէյճանով հետաքրքրուած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանները եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները, որովհետեւ ժողովուրդը այնքան մը թալանուած է իր իշխանութեան կողմէ, բայց միենոյն ժամանակ հայատեացութիւնը կը մնայ իշխանութիւններուն հիմնական զէնքը, հայութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ Ազրպէյճանի մեծագոյն թշնամին, հետեւաբար ինչ որ իշխանութիւնները կը փորձեն ընել, հրահրելն է թշնամական մթնոլորտը իրենց ժողովուրդին մէջ, որպէսզի մարդիկ իշխանափոխութեան եւ այլ հարցերով զբաղելու առիթ չունենան եւ իշխանութիւնները թոյլ չտան, որ ներքին պառակտումներ տեղի ունենան Ազրպէյճանի մէջ:
Բաբայեան աւելցնելով ըսաւ, որ Ազրպէյճանի մէջ կան զանազան փոքրամասնութիւններ, որոնք կը փորձեն անջատուիլ Ազրպէյճանէն, ասոնց վրայ կ՛աւելնայ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նոր նախարարը, որ կը փորձէ տարբեր ձեւերով ազդեցութիւն ձգել սահմանագիծին վրայ եւ յարգելիութեան հասնիլ, սակայն այսօրուան դրութեամբ ան արժանացաւ անյարգելիութեան:
Ի վերջոյ, Բաբայեան Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք Սարգսեան – Ալիեւ հաւանական հանդիպումին վերաբերեալ ըսաւ, որ հանդիպումներէն վերջնական ակնկալիքներ ունենալ կարելի չէ, որովհետեւ ամէնէն կարեւոր գործօններէն մէկը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը մասնակցի այս հանդիպումներուն, ինչ որ տեղի չ՛ունենար փաստօրէն: Սակայն նման հանդիպումներ շատ կարեւոր են, եւ մենք կ՛արժեւորենք զանոնք, որովհետեւ կը նկատենք, որ անոնք խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանութեան համար անհրաժեշտ են:
Ճիշդ է, որ միշտ ըսած ենք, թէ առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի բանակցութիւններու բոլոր հանգրուաններուն մասնակցութեան կարելի պիտի չըլլայ լուծել տագնապը, սակայն նման հանդիպումները մեզի համար կը մնան կարեւոր:

