Համա-ՀՄԸՄ-ական Բանակումի Նախավերջին Օրը
Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ ընդհանուր բանակումին մասնակցող հարիւրաւոր սկաուտները սկաուտական աշխատանքներով բեղուն օր մը անցուցին ուրբաթ, 8 օգոստոս 2014ին, Բիւրականի բանակավայրին մէջ` փակումէն մէկ օր առաջ:
Արդարեւ, աւելի քան 700 սկաուտները բաժնուեցան երեք խումբերու: Առաջին խումբը բանակավայրէն դուրս եկաւ առաւօտեան` մասնակցելու համար ռէլի-արշաւի, շրջանի գիւղերուն մէջ: Իւրաքանչիւր երկիր կը մասնակցէր մէկ կամ աւելի խմբակներով: Անոնց ճամբան կ՛անցնէր Ղազարաւան, Բազմաղբիւր եւ Փարպի գիւղերէն, ուր հաստատուած էին 12 կայաններ, որոնց իւրաքանչիւրին մէջ աշխատանք մը կը պահանջուէր մասնակցողներէն: Արշաւողները առիթը ունեցան ծանօթանալու հայրենի գիւղերուն, անոնց պատմութեան եւ առօրեայ կենցաղին:
Անոնք յետմիջօրէին թէեւ յոգնած, սակայն խանդավառ եւ ուրախ վերադարձան բանակավայր:
Երկրորդ խումբը մնաց բանակավայր եւ խմբակներու բաժնուելով անոր անդամները մասնակցեցան աշխատանիստերու, որոնց ընթացքին ստացան գիտելիքներ եւ կատարեցին ձեռային գեղեցիկ աշխատանքներ:
Երրորդ խումբը կէսօրէ առաջ մասնակցեցաւ լեռնագնացութեան օրէնքները եւ ձեւերը բացատրող փորձերու, իսկ յետմիջօրէին 80 սկաուտներ բաժնուեցան խմբակներու` այս անգամ իրենց սորվածը գործնականի վերածելու եւ իրարու դէմ մրցելու:
Բանակումի իններորդ օրը իր լրումին հասաւ սկաուտական խանդավառ խարուկահանդէսով մը:


