«Նախագահ Ընտրուելու Պարագային Պիտի Ճանչնամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Կ՛ըսէ Տեմիրթաշ

Սելահաթթին Տեմիրթաշ
Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին քիւրտ թեկնածու Սելահաթթին Տեմիրթաշ «Ակօս» շաբաթաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստացած է նախագահ ընտրուելու պարագային ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ամէն տարի ապրիլ 24-ին յարգել հայ զոհերուն յիշատակը:
«Ես մարդու իրաւունքներու պաշտպան եմ: Երկար տարիներ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղած եմ: 8 տարիէ ի վեր քաղաքականութեան մէջ եմ: Ուսանողական տարիներէն հետաքրքրուած եմ քաղաքականութեամբ եւ միշտ հայ ժողովուրդին դէմ գործուածը ցեղասպանութիւն ընկալած ու ճանչցած եմ», ըսած է ան:
Տեմիրթաշ նշած է, որ ատիկա իր անձնական տեսակէտն է, հայ ժողովուրդին դէմ 1915-ին տեղի ունեցածը համակարգուած կոտորած էր, բնաջնջման քաղաքականութիւն, ինչին հետագային թէեւ ոչ նոյն դաժանութեամբ, սակայն զոհ դարձած են նաեւ քիւրտերը:
«Զիս նախագահ ընտրել ցանկացող իւրաքանչիւր անձ պէտք է գիտնայ` ես 1915-ը կը ճանչնամ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւն եւ նախագահութեանս տարիներուն ամէն տարի ապրիլ 24-ին պիտի կատարեմ իմ պարտքս` յիշեցնելով հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը: Սակայն ատիկա թուրք ժողովուրդին յանցանքը պիտի չնկատեմ: Ատիկա այդ ժամանակաշրջանի իշխանութեանց դատապարտելի քաղաքականութեան արդիւնքն է:
«Ոչ միայն հայերէն, այլ նաեւ` դաժանութիւններ տեսած բոլոր ազգերէն պետութեան անունով ներում հայցելն ու անոնց հետ առերեսուիլը կարեւոր է», ըսած է ան:

