Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Ազրպէյճանի Մէջ Գերեվարուած Կարէն Պետրոսեան Մահացաւ»
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, քանի մը օր առաջ գերեվարուած Կարէն Պետրոսեան «յանկարծամահ եղած է»:
Կը նշուի. «Պետրոսեանի մահուան պատճառը եղած է սրտանօթային սուր անբաւարարութիւնը»:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ հայ գերիին մահուան մասին արդէն տեղեակ պահուած է Միջազգային կարմիր խաչի ազրպէյճանական ներկայացուցչութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի բնակիչ 31-ամեայ Կարէն Պետրոսեանը գերեվարուած էր 7 օգոստոսին, Ազրպէյճանի Աղբուլաղ գիւղին մէջ:
Երեւան Խայտառակութիւն Կ՛անուանէ
Հայ Գերիին Նկատմամբ Ցուցաբերուած
Վերաբերմունքը
Հինգշաբթի ազրպէյճանական լրատուական միջոցները հրապարակած էին տեսանիւթ մը, ուր Չինարի գիւղի երիտասարդ բնակիչ Կարէն Պետրոսեանը կը ներկայացնէին իբրեւ հետախուզական գործողութիւն կատարող: Տեսանիւթին մէջ գիւղացին կը տանին ազրպէյճանցի բարձրաստիճան զինուորականի մը մօտ, որ կը սկսի զայն մեղադրել խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ կրակելու յանցանքին համար եւ կը հարցնէ, թէ հայերը ի՞նչ կ՛ուզեն իրենցմէ: Ապա գերիին կը սկսին լուսանկարներ ցոյց տալ եւ պնդել, թէ այդ զօրամասին մէջ ան ծառայած է, իսկ միւս լուսանկարին մէջ պատկերուած խրամատին մէջ` հսկողութիւն կատարած: Կարէն Պետրոսեան կը հերքէ եւ կը պնդէ, որ լուսանկարը սխալ կը ներկայացուի, որմէ ետք զինուորներէն մէկը անոր ցաւ կը պատճառէ, որմէ ետք ալ հայ գերին կը սկսի բոլոր հարցումներուն դրական պատասխանել:
Պետրոսեան սահմանը հինգշաբթի հատած էր:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները սկիզբը Կարէնը իբրեւ քաղաքացիական անձ կը ներկայացնէին, հրապարակուած էին նաեւ գիւղացիին լուսանկարները, մինչ տեսանիւթին մէջ ան կը ներկայացուի իբրեւ հետախոյզ, իսկ գիւղացիին հագուստը փոխարինուած էր զինուորական հագուստով եւ կօշիկներով:
Տեսանիւթին մէջ ազրպէյճանցի զինուորականներէն մէկը անոր հետ հայերէն կը խօսէր:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ասիկա պարզապէս խայտառակութիւն անուանեց եւ պնդեց, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ խախտել միջազգային հռչակագիրներու շարք մը:
Պետրոսեանի Դիակին Հայրենադարձման
Ուղղութեամբ Բանակցութիւններ
Գերիներու, պատանդներու եւ անհետացածներու հարցերով զբաղող յանձնախումբին առընթեր աշխատանքային խումբի ղեկավար Արմէն Գաբրիէլեան երէկ յայտարարեց, որ «Կարմիր խաչի» միջազգային խորհուրդը հաստատած է Պետրոսեանի մահը եւ սկսած է դիակի հայրենադարձման բանակցութիւններու սկզբնական հանգրուանին:
«Անշուշտ ասիկա առաջին դէպքը չէ, որ մեր գերին կը մահանայ Ազրպէյճանի մէջ, կամ վերադարձուելէ կարճ ժամանակ ետք կը մահանայ: Մենք կը համագործակցինք համապատասխան միջազգային ատեաններու հետ: Պետրոսեանի մահանալուն փաստը արդէն հաստատուած է «Կարմիր խաչի» միջազգային խորհուրդին կողմէ, սակայն, իբրեւ կանոն, միջազգային խորհուրդը ոչ մէկ քննութիւն կ՛իրականացնէ: Այս պահուն մեզի համար կարեւորագոյն խնդիրը բանակցային հոլովոյթն է: Դիակը վերադարձնելէ ետք կը սկսին բոլոր տեսակի քննութիւնները, կը յարուցուի քրէական գործ, քանի որ տեղի ունեցած է յանցագործութիւն եւ խախտուած են միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշները», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ բանակցութիւնները ինչպէ՞ս պիտի ընթանան, որեւէ միջնորդ կողմ պիտի ներառուի՞, Գաբրիէլեան ըսաւ. «Անշուշտ իմ պաշտօնիս ծիրին մէջ բանակցութիւններու կը մասնակցիմ, թէեւ եղած են դէպքեր, երբ ուղղակի կապի միջոցով կրցած ենք գերին վերադարձնել»:

