Փութին Այսօր Երկկողմանի Հանդիպումներ Պիտի Ունենայ Սարգսեանի Եւ Ալիեւի Հետ
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը երէկ հաղորդեց, որ այսօր Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ Վլատիմիր Փութինի երկկողմանի հանդիպումները:
Մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական փոխադարձ գործակցութեան հետագայ զարգացման հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակում: Յատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնութեան միանալու հոլովոյթին քննարկման:
Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել ռուս-ազրպէյճանական համագործակցութեան առաւել կարեւոր հարցերը, համաձայնեցնել միացեալ քայլեր հեռանկարային փոխշահաւէտ նախագիծերու յառաջխաղացման ուղղութեամբ, նախ եւ առաջ` ուժանիւթի, ներդրումային եւ միջշրջանային համագործակցութեան մարզին մէջ:
Յայտնենք, որ հայկական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած էր այցելութեան ծիրին մէջ կայացնելու նաեւ եռակողմ հանդիպում Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ` «քննարկելու համար ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման խնդիրները, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն Ազրպէյճանի հրահրած լարումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը»:
Ստեփանակերտի Մէջ Դրական Ակնկալութիւններ
Ունին Սոչիի Հանդիպումէն
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան, խօսելով այսօր Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման մասին, ըսաւ, որ Ստեփանակերտի մէջ յոյս ունին, որ վերջին օրերուն սահմանագիծին վրայ լարուած իրավիճակը եւս կը քննարկուի հանդիպման ժամանակ:
«Մենք ընդհանրապէս որեւէ հանդիպում կ՛արժեւորենք, որովհետեւ նման հանդիպումները կը հանդիսանան կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման կարեւոր տարրերէն մէկը: Կը խորհիմ, որ այս հանդիպման հիմնական շեշտը պէտք է դրուի վերջերս Ազրպէյճանի կողմէ այդ իրավիճակի ապակայունացման վրայ, եւ աւելի՛ն, լուրջ քայլեր կատարուին խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը պահպանելու համար», ըսաւ Բաբայեան:
Ան աւելցուց, որ ամէն պարագայի պէտք չէ այդպիսի հանդիպումներէ ակնկալել վերջնական լուծում, քանի որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան վերջնական լուծումը անկարելի է:
«Ինչպէ՞ս կարելի է տագնապը լուծել եւ փաստօրէն կանխորոշել Արցախի ժողովրդին ապագան, առանց Արցախի ժողովրդին, Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութեան: Սակայն քանի որ ձեւաչափի փոփոխութիւնը, վերականգնումը, աւելի երկար հոլովոյթ է, ատոր համար այս հանդիպման ընթացքին մենք ներկայ դրութեամբ չենք խօսիր ձեւաչափի վերականգնման մասին: Բայց առանց հիմա առկայ խեղաթիւրուած ձեւաչափը վերատեսութեան ենթարկելու, տագնապը լուծելը անկարելի պիտի ըլլայ», շեշտեց Բաբայեան` նշելով, որ այդպիսի հանդիպումներուն կարեւորութիւնը «զինադադարի, խաղաղութեան, կայունութեան եւ ուրեմն բազմաթիւ մարդոց կեանքի պահպանումն է»:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի պաշտօնատարին, Ստեփանակերտի մէջ դրական ակնկալութիւններ ունին այս հանդիպումէն:

