«ՏԵՂԵԿԱՀԱՒԱՔԻ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՕՐԻՆԻ Է, ԵՒ ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ ԱՆՈՐ ՆԵՑՈՒԿ ԿԱՆԳՆՈՂԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԷՐ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ հսկողութեան կառոյցները պէտք է ուղղակի առնչուած ըլլան խորհրդարանին եւ ոչ թէ կառավարութեան:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ Զահլէի ընտրաշրջանին մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութեանց արդիւնքներուն դէմ իրենց կողմէ ներկայացուած բողոքը` ընտրութեանց մասնակցող քաղաքացիներուն անուանացանկերուն գծով, տեղին էր:
Այս իմաստով ան շեշտեց, որ անձնագրային տուեալներու փոխադրութիւնը ապօրինի կերպով կատարուած էր` աւելցնելով, որ այս հարցը կարիք ունի հետաքննութեան:
Զօր. Աուն ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելէն պահանջեց հետաքննութիւն բանալ այս առնչութեամբ:
Պատասխանելով ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդ. Ուիսամ Հասանի մասին երեսփոխան Ուալիտ ժոմպլաթի կատարած յայտարարութիւններուն ակնարկող հարցումի մը` զօր. Աուն յայտնեց, որ այս բաժանմունքին գոյութիւնը ապօրինի է` ներքին ապահովութեան ուժերուն վերաբերող օրէնքներուն իմաստով: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ ինք արդէն իսկ դատական հարց յարուցած է այս բաժանմունքին դէմ` աւելցնելով, որ Հասանի նախագահած տեղեկահաւաքի այս բաժանմունքը տարբեր լրատուամիջոցներու անճիշդ տեղեկութիւններ փոխանցած է:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը շեշտեց, որ ինք կը մերժէ այդ տեղեկութիւններուն մասին մանրամասնութիւններ փոխանցել:
Ան հաստատեց, որ նման բաժանմունքի մը գոյութիւնը ապօրինի է` աւելցնելով, որ աւելի խոցելի է այն իրականութիւնը, որ այդ բաժանմունքը վայելած էր վարչապետին զօրակցութիւնը:
Անդրադառնալով ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին եւ զայն մարոնի համայնքին վերադարձնելու պահանջներուն` զօր. Աուն շեշտեց, որ իրեն համար կարեւորագոյնը այն է, որ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնը լաւ եւ արդար գործունէութիւն ունենայ:
Զօր. Աուն ողջունեց երեսփոխան Օքապ Սաքըրի կողմէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն լքումը եւ նկատել տուաւ, որ ինք ոչ ոքի թեկնածութիւնը առաջադրած է` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնին համար:
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ կառավարութիւնը տապալելու մասին կատարուող յայտարարութիւններուն ակնարկելով` զօր. Աուն ըսաւ. «Կորսուած բան մը վերադարձնելը աւելի դժուար է, քան բան մը պաշտպանելը»:


