«ԱՌԱՆՑ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՁԵՒԵՐՈՎ ՊԻՏԻ ՏԱՊԱԼԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ» «ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ

Սաատ Հարիրի` «Էմ. Թի. Վի.»ին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն կարելի չէ հաստատել առանց արդարութեան:

Հարիրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երկրին մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու կարողութիւններն ու միջոցները չունին: Ան ըսաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն 7 մայիսին օգտագործուած զէնքը, որ ուղղուեցաւ լիբանանեան ներքին ճակատին դէմ:

Սաատ Հարիրի նշեց, որ իր դէմ մահուան սպառնալիքները 2005-էն ի վեր առկայ են` աւելցնելով, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին սպաննողը կը փորձէ սպաննել նաեւ Սաատ Հարիրին:

Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին` Հարիրի ըսաւ, որ այդ ատեանը իսրայէլեան նկատող ամբաստանութիւնները պարզապէս ուղղութիւնը շեղելու համար են:

Ան հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Մարտ 14-ի ուժերը միջազգային ընտանիքը պիտի հրահրեն Լիբանանի դէմ:

Հարիրի ըսաւ, որ անընդունելի է նաեւ ամբաստանեալները միայն մէկ համայնքի պատկանելիութեամբ կոչել` աւելցնելով, որ ինք Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն կը մերժէ մասնակցիլ:

Հարիրի նշեց, որ ինք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ հանդիպում պիտի ունենայ վկաներու գոյութեան նախապայմանով:

Նախկին վարչապետը նկատել տուաւ, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը Հըզպալլայի եւ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնն է: «Ընդդիմութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ դիւանագիտական միջոցներով տապալելու համար կառավարութիւնը», ըսաւ ան:

Հարիրի աւելցուց, որ զինք իշխանութենէն զրկելու եւ հեռացնելու որոշումը տրուած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ:

Հարիրի յայտնեց, որ լիբանանեան ներքին ճակատին դէմ ուղղուած զէնքը այլեւս իր նպատակին չի ծառայեր. ան նաեւ ընդգծեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը չի փափաքիր միջամուխ ըլլալ Սուրիոյ ներքին հարցերուն:

Միջազգային դատական ատեանին ակնարկելով` Հարիրի ըսաւ, որ Լիբանան սուղ պիտի վճարէ կառավարութեան այն որոշումին համար, որ կը վերաբերի Միջազգային դատական ատեանին հետ գործակցութիւնը կասեցնելուն:

Հարիրի շեշտեց, որ ինք իր դաշնակիցներուն հաւատարիմ պիտի մնայ եւ պիտի զօրակցի անոնց, եւ եթէ կարիք ըլլայ փողոց իջնելու, ապա ընդդիմութիւնը մագլցողական քայլերու պիտի դիմէ, սակայն ո՛չ օդակայանի ճամբան պիտի փակէ, ո՛չ ալ փողոցին մէջ անիւներ պիտի հրկիզէ:

Հարիրի շեշտեց նաեւ, որ անընդունելի է Միջազգային դատական ատեանը փոխարինել զէնքով:

Share this Article
CATEGORIES