ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՈՐԴԵԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու կառավարութեան գումարելիք վաղուան նիստին նախապատրաստութիւններն ու քննարկուելիք օրակարգը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ:
Քննարկուեցան Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ փոխադարձ գործակցութեան հեզասահ ընթացքը:
Ուիլիըմզ մաղթեց, որ իսրայէլեան ուժերը հեռանան հիւսիսային Ղաժարէն` աւելցնելով, որ Լիբանան իրաւունք ունի օգտուելու իր ցամաքային թէ ծովային բնական հարստութիւններէն:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ժողովրդավարական փոփոխութեան ազգային շարժումի մէկ պատուիրակութեան հետ` ներկայութեամբ նախկին նախարար Իսամ Նաամանի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման դրուատեց այդ շարժումին աշխատանքները` նկատել տալով, որ իր կարծիքով, համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի մը որդեգրումը կ՛ապահովէ Լիբանանի մուտքը` դէպի արդի պետութիւն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛երաշխաւորէ` պահպանելով ազգային գոյակցութեան ուխտը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նամակ մը ստացաւ Հարաւային Քորէայի նախագահ Եոնկ Հա Լիէն: Նամակին մէջ ընդգծուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը: