Զօր. Աուն Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութեան Կարեւորութիւնը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-սուրիական փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ քննարկած է նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանին սպառնացող հաւատադրժողական ահաբեկչութեան մանրամասնութիւնները:
Ալի յայտնեց, որ հաւատադրժողական այդ ահաբեկիչները աշխարհի չորս ծագերէն կու գան եւ կը ֆինանսաւորուին արտաքին ուժերու կողմէ, ինչպէս` Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Ծոցի երկիրներու եւ Թուրքիոյ:
Ան դրուատեց լիբանանեան քաղաքական կողմերուն կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ ահաբեկչութիւնը գոյն եւ կրօն չունի` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութիւն ապահովել` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով:
Ալի ողջունեց բանակին նկատմամբ լիբանանցիներուն ցուցաբերած զօրակցութիւնն ու Լիբանանի կառավարութեան կողմէ բանակին տրամադրուած քաղաքական հովանաւորութիւնը:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ալի ըսաւ, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է միասնական կեցուածքներ որդեգրեն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, որովհետեւ Լիբանան եւ Սուրիա հաւատադրժողական ուժերուն եւ Իսրայէլի կողմէ մնայուն վտանգի կ՛ենթարկուին: «Կը մաղթենք, որ Հարիրիի վերադարձը այս շրջագիծին եւ լիբանանեան համախոհութեան գոյացման մէջ դրսեւորուի», նշեց ան:

