Հարիրի Վերադարձաւ Պէյրութ

0808_SAAD_HARIRIԵրեք տարուան բացակայութենէ ետք, նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի երէկ վերադարձաւ Պէյրութ:

Ապահովական պատճառներով Լիբանանէն հեռացած Հարիրիի պաշտօնական այս վերադարձը անակնկալի մատնեց լիբանանցիները:

Հարիրի այցելեց Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակին մէջ զետեղուած իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը, ուրկէ ուղղուեցաւ վարչապետարան` հանդիպում մը ունենալու համար վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական զարգացումները` Արսալի մէջ արձանագրուած բախումներուն լոյսին տակ:

0808_security_meetingՎարչապետ Սալամ Հարիրիէն իմացաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը Լիբանանին մէկ միլիառ տոլարի օժանդակութիւն կատարած է` լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կարիքները հոգալու նպատակով:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է նիւթական այդ նպաստը օրինական կերպով օգտագործելու մանրամասնութիւնները:

Ան շեշտեց, որ ինք կարօտցած է Լիբանանը եւ իր վերադարձը վերջնական է:

Աւելի ուշ, վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն, որ հաստատեց իր զօրակցութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան:

0808_HARIRI_MARCH14Վարչապետարանէն ետք Հարիրի մեկնեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանը, ուր իր վերադարձը ողջունող հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ եւ այցելուներ ընդունեց:

Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի եւ ուրիշներու կողմէ:

Հարիրիի այցելուներէն եղան նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի:

Յետմիջօրէին Հարիրի դարձեալ ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր տեղի ունեցաւ ապահովական բնոյթի նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Սալամի:

Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն տրամադրուած սէուտական նիւթական օժանդակութիւնը ապահովական կարիքներուն ծառայեցնելու ծրագիրը:

Հարիրի յայտնեց, որ ինք պատասխանատու է կատարուած սէուտական նպաստին եւ կառավարութեան ու վարչապետ Սալամի հսկողութեամբ ու ցուցմունքներով եւ ըստ օրէնքի պիտի կատարէ անոր ցրուումը:

Իր կարգին, Մաշնուք յայտնեց, որ սէուտական նիւթական նպաստը բաւարար է Լիբանանի նման փոքր երկրի մը ապահովութիւնը պահպանելու:

Իսկ զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ իր համոզումով գերեվարուած զինուորները Արսալէն դուրս կը գտնուին` աւելցնելով, որ բանակը դիրքաւորուած է Արսալի մէջ:

Ան շեշտեց, որ իրենք կարիքը ունին ահաբեկչութեան դէմ պայքարող օդանաւերու` աւելցնելով, որ սէուտական նիւթական օժանդակութիւնը կրնայ երաշխաւորել բանակին զինումը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով:

Երեկոյեան Հարիրի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդարձակ հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ:

Նիստին ընթացքին Հարիրի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին դերակատարութիւնը չափաւորականութիւնը պաշտպանելուն, ծայրայեղութեան արգիլումին եւ անոր տարածման կասեցումին մէջ կը կայանայ:

Հարիրի յայտնեց, որ երեք տարուան եւ չորս ամսուան Լիբանանէն բացակայութիւնը իրեն համար դաժան պատիժ մը եղած է, իսկ Լիբանան վերադարձը` նուէր մը:

Ան շեշտեց, որ ինք կը փափաքէր այցելել Պաապտա եւ հանդիպում մը ունենալ հանրապետութեան նոր նախագահին հետ կամ ուղղուիլ խորհրդարան եւ նախագահ ընտրել` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը բոլորին պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ թէ անձնապէս Սաատ Հարիրիի:

«Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ վերաշխուժացնելու համար ներքին լիբանանեան երկխօսութիւնը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի միջամտութեան` Հարիրի յայտնեց, որ այդ դէպքերուն միջամուխ դառնալը Լիբանանի համար վնասակար եղած է եւ վտանգաւոր, որովհետեւ Հարաւային արուարձաններուն եւ Պեքաայի մէջ արձանագրուած պայթումները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն գործած յարձակումները եղած են անոր հետեւանքները:

Ան շեշտեց, որ Ապտալլա թագաւորին տրամադրած նիւթական նպաստին հիմնական նպատակը բանակին, ապահովութեան ուժերուն եւ պետութեան զօրակցութիւնն է, այլ խօսքով` Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան պահպանումը:

Հարիրի հաստատեց, որ իրենք յաւակնութիւնը չունին միլիս մը կազմելու եւ մէկուն գործած սխալին դէմ այլ սխալով մը պատասխանելու` Հըզպալլայի դէմ զէնք բարձրացնելով:

Ան կոչ ուղղեց համախմբուելու լիբանանեան պետութեան շուրջ եւ ամրապնդելու զայն:

Նիստէն ետք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ողջունեցին Հարիրիի Լիբանան վերադարձը, շնորհակալութիւն յայտնեցին Ապտալլա թագաւորին նիւթական օժանդակութեան համար` ընդգծելով Լիբանանի անկախութեան, ազատութեան եւ գերիշխան մնալու իրենց յանձնառութիւնը:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը շեշտեցին, որ լիբանանեան բանակը պէտք է իր հակակշիռին տակ առնէ լիբանանեան-սուրիական սահմանը` հաստատելով սակայն, որ այդ հակակշիռը կարելի կ՛ըլլայ բանեցնել միայն Հըզպալլայի մարտիկներուն Սուրիայէն հեռացումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES