Կազայի Մէջ 72 Ժամուան Նոր Զինադադար
Պաղեստինեան խմբաւորումներն ու Իսրայէլ երէկ գիշեր Կազայի մէջ 72 ժամուան նոր զինադադարի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին: Բուռն բանակցութիւններէ ետք` կողմերը սպառնացին հեռանալ բանակցութեան սեղանէն, սակայն աւելի ուշ անակնկալ կերպով համաձայնութիւն գոյացուցին:
Ըստ համաձայնութեան, զինադադարը ուժի մէջ պիտի մտնէր երէկ գիշերուան ժամը 23:00¬ին: Գոյացած համաձայնութիւնը այն առիթն ու յոյսը կը ստեղծէ, որ բանագնացները աւելի երկարատեւ զինադադարի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:
CATEGORIES Միջազգային

