Էրտողան Թուրքիոյ 12-րդ Նախագահ
Թուրքիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Սատի Կիւվեն երէկ գիշերուան ժամը 10:00-ին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ գործող վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընտրուած է Թուրքիոյ նախագահ: Ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, Էրտողան ապահոված է քուէներուն 51,8 առ հարիւրը, Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու միացեալ թեկնածու Էքմալէտտին Իհսանօղլու` 38,5 առ հարիւրը, իսկ քիւրտ քաղաքագէտ Սելահէթթին Տեմիրթաշ` 9,7 առ հարիւրը: Իհսանօղլու իր պարտութիւնը ընդունեց: Մասնակցութեան համեմատութիւնը 74,4 առ հարիւր էր, ինչ որ փորձագէտներու նախատեսածէն ցած էր:
Էրտողան յաղթանակի կարճ ճար մը արտասանելով ըսաւ. «Պիտի շարունակենք մեր ազգին ծառայել աւելի լաւ ժողովրդավարութեան մը հասնելու եւ (քրտական հարցի) լուծման հոլովոյթը իր աւարտին հասցնելու համար»: Ան իր յաղթանակը ապահովելէ ետք նամազ կատարեց Էյուպ սուլթան մզկիթին մէջ, որուն գահ բարձրանալէ ետք իրենց առաջին այցելութիւնը կու տային Օսմանեան կայսրութեան սուլթանները:
Թուրքիոյ մէջ շուրջ 53 միլիոն քուէարկողներ երէկ ուղղուեցան քուէատուփեր ընտրելու համար երկրին նախագահը, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՛ընտրուի ժողովուրդին կողմէ:
Քուէարկութեան կեդրոններ ուղղուող քաղաքացիները փոխադրող հազարաւոր ինքնաշարժներու եւ փոխադրակառքերու պատճառով Պոլսոյ եւ Անգարայի ճամբաները կաթուածահար եղան: Պոլսոյ մուտքին մօտ եւ Անթալիա-Անգարա մայրուղիին վրայ գտնուող Աֆիոն քաղաքին մօտ մինչեւ 10 քիլոմեթր երկարող խճողումներ յառաջացած էին:
Թրքական օրէնքին համաձայն, Թուրքիոյ քաղաքացիները կրնան քուէարկել միայն մնայուն բնակութեան վայրերուն մէջ, սակայն այժմ երկրին մէջ կը շարունակուի արձակուրդի եղանակը եւ բազմաթիւ բնակիչներ գացած են ծով: Անոնց մէկ մասը չէ դադրեցուցած արձակուրդը, սակայն հազարաւոր քաղաքացիներ որոշած են մէկ օրով լքել լողափները:
Ճամբաներուն վրայ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով բազմաթիւ քաղաքացիներ չէին կրցած հասնիլ քուէարկութեան:

