Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ գերեվարուած զինուորներուն ու ներքին ապահովութեան ուժերուն անդամներուն ազատ արձակումը առաջնահերթութեանց առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ:
ԻՍԼԱՄ կրօնաւորներու խորհուրդի անդամ Նեպիլ Հալապի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն գերեվարուած զինուորները սուրիական հողեր փոխադրուած են` աւելցնելով, որ գերեվարող զինեալները ոչ մէկ պահանջ ներկայացուցած են այս իմաստով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը Արսալէն հաւաքեցին 45 դիակներ, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի Քալամունի իշխան Ապու Հասան Ֆալասթինիի օգնականին դիակը:
ԹԱԼԼԱԹ Հոսն շրջանին մէջ բացայայտուեցաւ լիբանանցի զինուորի մը դիակը: Ան նահատակուած էր Արսալի մէջ բռնկած զինեալ բախումներուն առաջին օրերուն:
ՊԱԱԼՊԵՔԻ քաղաքապետ Համատ Հասան շեշտեց, որ քաղաքին մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումներուն նպատակն է ապահովական ցնցումներէն պաշտպանել շրջանը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը պիտի արագացնէ հաղորդակցութիւնները` նախագահական ընտրութեան թղթածրարը լուծելու նպատակով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ իր կարծիքով, Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ Սաատ Հարիրի նախագահական աթոռին թափուր մնալուն վերջնական լուծում չունի:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրավիճակին վրայ դրական ազդեցութիւններ պիտի ունենայ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ Լիբանանը ո՛չ ժիհատի եւ ո՛չ ալ ահաբեկչութիւնը ընդգրկող երկիր պիտի ըլլայ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Արսալի մէջ պատահածը Շեպաայի եւ Արքուպի մէջ պիտի չկրկնուի:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, սուրիական զինեալ չորս խմբաւորումներ` Ժապհաթ Նուսրա, ՏԱՀԵՇ, Ահրար Քալամուն եւ Քաթիպէ խատրա իրենց մօտ պատանդ կը պահեն լիբանանցի զինուորներն ու ներքին ապահովութեան ուժերու անդամները: Լիբանանեան բանակի 12 գերեվարուած զինուորներ կը գտնուին Ժապհաթ Նուսրայի Քալամունի պատասխանատու Ապու Մալեք Թալլէի մօտ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ նախագահական թղթածրարը տակաւին չէ հասունցած եւ վերջնական որոշում մը չկայ այդ իմաստով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ահմետ Ասիր Այն Հելուէի մէջ բացայայտ կերպով կը շրջի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը անկասկած դրական ազդեցութիւններ պիտի ունենայ երկրին քաղաքական կացութեան վրայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը պիտի շարունակուի եւ անհրաժեշտ է լիբանանեան բանակին ընծայել անհրաժեշտ բոլոր կարելիութիւնները:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք կը փափաքին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձը ձեւական չըլլայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրի Լիբանան վերադարձած է երկրին քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական հարցերուն լուծումներ գտնելու համար:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց զօրակցելու եւ համաձայնութիւն գոյացնելու` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովութիւնը եւ դէմ դնելու համար երկրին դիմագրաւած դժուար կացութեան: Ան աւելցուց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին պէտք է կատարուին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Պայան» օրաթերթին յայտնած են, որ Արսալի դէպքերն ու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը իրարու հետ կապ չունին:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան անակնկալ վերադարձը փաստ մըն է լիբանանցիներուն, որ անոնք առանձին չեն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով սուրիական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ զինեալները կը փափաքին ունենալ ծովային ելք մը եւ այդ պատճառով անոնք կը մտածեն Թրիփոլիին տիրելու մասին:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ իրենք ստիպուած են պաշտպանել Լիբանանի ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային համերաշխութեան եւ գոյակցութեան Լիբանանի պատգամը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կախարդական լուծումներ չունի` նախագահական ընտրութեան առումով:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, երկրին մէջ տիրող ներկայ պայմանները չեն արտօներ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի յաջորդ շաբթուան ընթացքին Պքերքէի մէջ միջմարոնիական հանդիպում մը կայացնել` վերջնականապէս լուծելու համար նախագահական ընտրութեան հարցը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանանէն վերադարձէն ետք քաղաքական որոշումները տարբեր պիտի ըլլան:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի Լիբանան վերադարձը այս հանգրուանին անհրաժեշտ էր: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ Սէուտական Արաբիա եւ Իրան նախագահական ընտրութեան թեկնածուներ չունին:

