Ժոմպլաթ. «Հարիրիի Լիբանան Վերադարձը Բացառիկ Իրադարձութիւն Է»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը բացառիկ իրադարձութիւն է` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ կապ ունի անոր վերադարձը ծրագրելու առումով:
«Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար Հարիրիի վերադարձը դրական է, յատկապէս Մուսթաքպալ հոսանքէն բխած բազմերանգ կեցուածքները միասնականացնելու եւ Մուսթաքպալ հոսանքի չափաւորական դիմագիծը վերահաստատելու իմաստով: Ասիկա բնական է, որովհետեւ Հարիրին է այս հոսանքին, այլ խօսքով` իսլամ չափաւորականութեան ղեկավարը», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին հաստատեցին, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին դիմագրաւած խոչընդոտները հետզհետէ կը չքանան, եւ հարցը դէպի լուծում կ՛ուղղուի:
CATEGORIES Լիբանանեան

