Պասիլ. «Կը Մերժենք Ահաբեկիչներուն Հետ Բանակցիլ, Իսկ Անոնց Հետ Բանակցողը Անպայման Պարտուած Դուրս Պիտի Գայ»

0810BassilԱրտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը հակադրութիւնն է պատգամի երկիր Լիբանանի իրականութեան` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ը, Ժապհաթ Նուսրան եւ հաւատադրժողական բոլոր խմբաւորումները վտանգ կը սպառնան ազգային համերաշխութեան եւ գոյակցութեան:

Պասիլ շեշտեց, որ Արսալ լիբանանեան գիւղաքաղաք մըն է, որ բռնագրաւուած է օտար զինեալ խմբաւորումներու կողմէ, հետեւաբար պէտք է ազատագրել այդ գիւղաքաղաքն ու անոր բարձունքները այդ ահաբեկիչներէն, ինչպէս նաեւ պէտք է ազատ  արձակել գերեվարուած զինուորները, ըլլան անոնք բանակայիններ թէ ներքին ապահովութեան ուժեր:

«Մեր վստահութիւնը բանակին նկատմամբ մեծ է, ինչպէս նաեւ կը վստահինք լիբանանցիներուն եւ կառավարութեան, որոնք կտրականապէս կը մերժեն ահաբեկչութիւնը», ըսաւ ան:

Պասիլ աւելցուց, որ իրենք կը մերժեն ահաբեկիչներուն հետ բանակցիլ` ընդգծելով, որ անոնց հետ բանակցողը անպայման պարտուած դուրս պիտի գայ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )