Սալամ. «Կը Փափաքինք, Որ Հարիրի Մեզի Հետ Գործակցի` Պատասխանատուութիւններ Ստանձնելու Առումով»

0810SalamՎարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր կատարած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին կեդրոնացաւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն մատուցուելիք սէուտական նուիրատուութեան վրայ` աւելցնելով, որ իրենք օրինական միջոցներով պիտի համաձայնին այդ նուիրատուութիւնը նպատակին ծառայեցնելու:

Վարչապետ Սալամ մաղթեց, որ Հարիրի մնայ Լիբանանի մէջ եւ իրենց հետ գործակցի` պատասխանատուութիւնները ստանձնելու առումով:

Ան հաստատեց, որ Արսալի կացութիւնը կը մնայ օրակարգի վրայ` ազատ արձակել կարենալու համար ահաբեկիչներուն կողմէ գերեվարուած բանակի զինուորներն ու ներքին ապահովութեան ուժերուն անդամները:

 

Share this Article
CATEGORIES