Սլէյման Կոչ Ուղղեց Գործադրելու «Պաապտայի Յայտարարութիւն»-ը

0810sleimanՆախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին կողմէ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն տրամադրուած օժանդակութիւնը` աւելցնելով, որ այս օժանդակութիւնը մաս կը կազմէ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին կողմէ Լիբանանին ներկայացուած զանազան նախաձեռնութիւններուն, որոնք միայն Լիբանանի զօրակցելու նպատակով կատարուած են:

Սլէյման զգուշացուց Սուրիոյ դէպքերուն Լիբանան փոխադրուելէն` ընդգծելով, որ անոնք վտանգաւոր են:

Ան անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` հասատատելով միաժամանակ, որ նախագահին ընտրութեամբ կարելի կը դառնայ ահաբեկչութեան դէմ աւելի հզօր ձեւով պայքարիլ:

Սլէյման կոչ ուղղեց տառացիօրէն գործադրելու «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը:

Share this Article
CATEGORIES