Շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ընտրուեցաւ Հանրապետութեան Միւֆթի
Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նոր միւֆթիի ընտրութիւնը` ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայի եւ Նեժիպ Միքաթիի:
Վարչապետ Սալամ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ողջունեց սիւննի համայնքի եւ Լիբանանի գերագոյն շահերուն համար ի գործ դրուած ջանքերն ու համախոհութիւնը:
Ան հաստատեց, որ սիւննի յարանուանութիւնը չափաւորականութեան եւ ուրիշին բացուելու յարանուանութիւնն է, որ Լիբանանը կազմող բոլոր համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն հետ կը գործակցի` պահպանելու համար ժողովրդավար, ազատ անկախ եւ գերիշխան Լիբանանը:
Քուէարկութենէն ետք վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ 93 քուէարկողի պարագային շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ստացած է 74 քուէ, շէյխ Ահմետ Քըրտի` 9 քուէ, երկու քուէներ չեղեալ նկատուեցան, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցան 8 սպիտակ քուէներ:
«Հետեւաբար Իսլամ կրօնական դատարանի նախագահ շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը կը յայտարարեմ Լիբանանի հանրապետութեան նորընտիր միւֆթի», ըսաւ վարչապետ Սալամ, որ նշեց, թէ նորընտիր միւֆթին իր պաշտօնավարութիւնը կը ստանձնէ 15 սեպտեմբերին:
Ապա հանրապետութեան նորընտիր միւֆթին կարդաց իր խօսքը, որուն մէջ շեշտեց Կրօնական խորհուրդին հետ գործակցութեան կարեւորութիւնը, վերահաստատելու համար Տար Ֆաթուայի հաստատութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը:
«Շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ կայ մնայուն բողոք մը` կրօնական ծայրայեղութեան մասին, մինչդեռ մեր կրօնը չափաւորականութեան, ազգային համերաշխութեան եւ ներողամտութեան կրօնն է», շեշտեց Տըրիան:
Նշենք, որ երբ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ կը կարդար իր խօսքը, Տար Ֆաթուայի մուտքին արձանագրուեցաւ բախում մը լրագրողներուն եւ վարչապետարանի յատուկ ապահովութեան ուժերուն միջեւ` նկատի ունենալով, որ ապահովութեան ուժերը արգիլեցին լրագրողները Տար Ֆաթուայի ընտրական դահլիճը մուտք գործելէ եւ խոշտանգեցին զանոնք:
Վարչապետ Սալամ խստիւ դատապարտեց այս դէպքը եւ պահանջեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքէն այս մասին անմիջապէս հետաքննութիւն բանալ, որպէսզի ճշդուին յանցագործներն ու իրաւատէրերը:
Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ իր կարգին դատապարտեց լրագրողներուն խոշտանգումը` շեշտելով, որ ինք այդ հարցին հետապնդումը պիտի շարունակէ` պաշտպանելու համար ազատութիւնները:
Իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք շէյխ Տըրիան ուղղուեցաւ հանրապետութեան նախկին միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի բնակարանը, ուր հաստատեց, որ շէյխ Քապպանիի հետ մնայուն կապի մէջ պիտի ըլլայ` Տար Ֆաթուայի աշխատանքները իրագործելու առումով:
Շէյխ Քապպանի շնորհաւորեց շէյխ Տըրիանը եւ անոր փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները` աւելցնելով, որ ինք մնայուն կերպով խորհուրդ պիտի տայ շէյխ Տըրիանի:
Նշենք, որ մինչ Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան նոր միւֆթիի ընտրութիւն տեղի կ՛ունենար, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը Տար Ֆաթուայի դիմաց կատարեց բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ հանրապետութեան միւֆթին պէտք է ուղղակիօրէն ընտրուի կրօնաւորներուն կողմէ:
Խորհուրդին անդամները շեշտեցին, որ Տար Ֆաթուայի աշխատանքը քաղաքական հրահանգի պէտք չէ ենթարկել եւ ընդգծեցին, որ շէյխ Տըրիանի շուրջ համախոհութիւն չկայ:
«Մենք իսլամ կրօնաւորներու մեծ թիւ մը կը ներկայացնենք, հետեւաբար մենք պէտք է ունենանք մեր թեկնածուն եւ Տար Ֆաթուայի մէջ ներկայ գտնուինք հանրապետութեան միւֆթիի ընտրութեան արարողութեան», հաստատեցին անոնք:
Հանրապետութեան միւֆթիի ընտրութեան առիթով` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ սարքեց ճաշկերոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Նեժիպ Միքաթի, ինչպէս նաեւ նորընտիր միւֆթի շէյխ Տըրիանն ու հանրապետութեան նախկին միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանին:
Ճաշկերոյթին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Հարիրի նշեց, որ իր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի ոգին ներկայ է հոն իրենց հետ եւ կ՛ողջունէ շէյխ Տըրիանի շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու ճիգերը: Ան շեշտեց, որ իրեն համար անընդունելի է արտօնել, որ կարգ մը ծայրայեղ իսլամականներ երկիրը կազմող այլ կողմերու հետ իսլամները բախումի առաջնորդեն:
«Ստանձնուելիք պատասխանատուութիւնները մեծ են եւ շատ, հետեւաբար անկարելի է ընդունիլ, որ ծայրայեղ ոճրագործները իսլամները մղեն արժանապատիւ քաղաքացիներու հետ բախելու: Իրաքի քրիստոնեաները բռնագաղթի ենթարկող կողմերը իսլամ կրօնին չեն պատկանիր», ըսաւ Հարիրի:

