Տաւութօղլու. «Թուրքիան Միշտ Պիտի Աջակցի Ազրպէյճանին»
«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, որ Թուրքիան միշտ պիտի աջակցի Ազրպէյճանին: Ան յայտնած է, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ եւ անոր յայտնած Թուրքիոյ աջակցութեան մասին:
Նախարարը նաեւ ըսած է, որ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը Հարաւային Կովկասի շրջանին վրայ Ուքրանիոյ դէպքերուն ազդեցութեան հետեւանքն է:
CATEGORIES Հայկական

