Մարատոնայի Սխրագործութիւններէն

0810_diegoԻր լուրը քաղելով «Մեթրօ» կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղերէն Տիեկօ Մարատոնա դարձեալ իր վրայ կեդրոնացուցած է լուսարձակները, երբ իր ինքնաշարժէն դուրս ելլելով, յարձակած է լրագրողներէն մէկուն վրայ եւ ապտակի հարուած մը տալով ըսած է, որ ինք հարցազրոյց տալու նպատակ չունի:

Մինչ Մարատոնա իր մէկ ընկերոջ հետ կ՛ուղղուէր վայր մը, խումբ մը լրագրողներ շրջապատած են անոր ինքնաշարժը եւ անոր ճամբան փակած:

Նշենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ ան այսպիսի վերաբերմունք կ՛ունենայ լրագրողներուն նկատմամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES