Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Մայատին 12-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Ռապիհը

Մայատինի նշանակած կոլերէն մէկը
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մայատին բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց` 12-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Ռապիհը:
Յաղթական կազմի պաղեստինցի մարզիկ Մուսթաֆա Հալլաք նշանակեց 4 կոլ:
Իր կարգին, լիբանանեան բանակը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 7-5 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆայհա Թրիփոլիի: Յաղթական կազմէն երկուքական կոլ նշանակեցին Մոհամետ Քըպէյսի եւ Հիւսէյն Նաժըմ:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Սեն Ժոզեֆ` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Շուէյֆաթը:
CATEGORIES Մարզական

