Պիչ-Վոլիպոլ. Ապի Շատիտ – Քազզի Եւ Ապու Ժաուտէ – Քարամ Զոյգերը Հանդիսացան Լիբանանի Ախոյեան

PROFOTO

PROFOTO

Երէկ աւարտեցաւ Լիբանանի Պիչ-վոլիպոլի 2014-ի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց աւարտական մրցումները:

Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Էլի Ապի Շատիտ – Ճօ Քազզի զոյգը, որ աւարտականին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ժան Ապի Շատիտ – Նատեր Ֆարես զոյգին:

Իսկ աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Սիմոն Ապու Ժաուտէ – Զէյնա Ռուէյս զոյգը, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Հանատի Զըքուր – Ալաա Նաժժար զոյգին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին անդամներուն:

Share this Article
CATEGORIES