Ճատրակ. Միջազգային 41-րդ Ողիմպիական. Հունգարիա – Հայաստան` 2-2 Սարգսեան Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը

0810_Arm-Hun-7Թրոմսոյի մէջ (Նորվեկիա) տեղի ունեցող ճատրակի 41-րդ միջազգային ողիմպիականի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստան 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հունգարիոյ հետ:

Լեւոն Արոնեան (2805), Սերկէյ Մովսիսեան (2672) եւ Վլատիմիր Յակոբեան (2655) հաւասարութիւններ արձանագրեցին, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան (2686) պարտուեցաւ` այսպիսով կրելով մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը:

Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Հայաստան 177 խումբերուն մէջ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը:

Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Ազրպէյճան, որ ցարդ անպարտելի է:

2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին նաեւ Հայաստանի աղջիկները` Միացեալ Նահանգներուն հետ:

Էլինա Դանիէլեան (2490) յաղթանակ արձանագրեց, մինչ Լիլիթ Մկրտչեան (2453) եւ Լիլիթ Կալոյեան (2275)` հաւասարութիւն: Մարիա Քուրսովա (2313) միակն ըլլալով պարտուեցաւ:

Այժմ, 136 խումբերուն մէջ Հայաստան կը գրաւէ 10-րդ դիրքը:

Ինչ կը վերաբերի 6-րդ հանգրուանին, Հայաստանի տղաքը 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեցին Անգլիոյ, իսկ աղջիկները` Քուպայի 2,5-1,5:

 

Share this Article
CATEGORIES