Աթլեթիզմ. Խմբային Ախոյեանութիւն. Թասլաքեան Եւ Պչաքճեան Հանդիսացան Առաջին. Թապաքեան` Երկրորդ

Կրեթթա Թասլաքեան ետեւի շարքը` կեդրոնը

Կրեթթա Թասլաքեան ետեւի շարքը` կեդրոնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին երեք օրերու վրայ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթիզմի խմբային ախոյեանութեան մրցումները` Ժամհուր վարժարանին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէի, փոխնախագահ Էլի Սաատէի, ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պըժժանէի եւ ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Էլի Տագէսեանի:

Աղջկանց 100 մեթր վազքի մրցումներուն, Լէա Օպէյտ (Շանվիլ) լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 12″ 77 արդիւնք մը:

Տղոց 400 մեթր արգելարշաւի մրցումներուն, Ալի Հազեր (Ապթալ) իր կարգին լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 52″ 95 արդիւնք մը:

Աղջկանց 200 մեթր վազքի մրցումներուն, Կրեթթա Թասլաքեան (Ինթըր Լեպանոն) հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 24′ 54 արդիւնք մը:

Աղջկանց բարձրութիւն ցատկելու մրցումներուն Քարին Պչաքճեան (Շանվիլ) հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 1,55 մեթր արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ալիք Թապաքեան (Ինթըր Լեպանոն)` արձանագրելով 1,48 մեթր արդիւնք մը:

Share this Article
CATEGORIES