Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Լուէյզի Զուք Մոսպեհ Հանդիսացաւ Ախոյեան

PROFOTO
Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 2-րդ մրցումին, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ 87-56 արդիւնքով (առաջինին անիկա 64-55 արդիւնքով յաղթած էր) պարտութեան մատնելէ ետք Էլիսարը (Սուր) եւ 2-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք իր մրցակիցը, հանդիսացաւ Գ. դասակարգի ախոյեան` առանց սպասելու 3-րդ եւ վերջին մրցումին արդիւնքին:
Հակառակ իր կրած այս երկու պարտութիւններուն Էլիսար Լուէյզիի հետ բարձրացաւ Բ. դասակարգ, մինչ վերջին տոմսին համար Պէյթ Քըքքօ փլէյ-օֆի մրցում ունի կատարելիք Անիպալ Զահլէի հետ:
Աւարտին Լուէյզի ակումբը ախոյեանութեան իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարէն:
CATEGORIES Մարզական

