Դպրեվանքը Ժողովուրդին Հետ
Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան մասնակցութեամբ, իւրաքանչիւր ամսուան առաջին ուրբաթ երեկոները, հերթական կարգով, թեմի զանազան եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ եւ պիտի կատարուի հոգեւոր բովանդակութեամբ զրոյց` ներկայիս երիտասարդութիւնը յուզող հարցերու շուրջ:
Առաջին պատարագը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 1 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագը մատուցեց եւ ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Ան յայտնեց, որ ժողովուրդին հետ կապ ունենալը մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն պատարագի քարոզին համար ինք ընտրած է հետեւեալ խօսքը` «Աստուած` ստեղծիչը եւ վերածնողը մարդուն», եւ իր քարոզին ընդմէջէն շեշտը դնելով յիշեալ խօսքին վրայ` լուսաբանական բացատրութիւններ տուաւ` մերթ ընդ մերթ Աստուածաշունչէն մէջբերելով խօսքեր եւ համարներ:
Պատարագի աւարտին խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը, որ նկատել տուաւ, թէ եկեղեցին չի պատկանիր միայն դպրեվանքի սաներուն եւ եկեղեցականներուն, այլ նաեւ անիկա մեր հայրերէն մեզի փոխանցուած աւանդն է եւ կը պատկանի մեր ժողովուրդին. «Եկեղեցին արդիւնքն է մեր ժողովուրդի դարաւոր հաւատքին եւ կը գոյատեւէ մեր ժողովուրդին նուիրաբերումով ու մեր ժողովուրդին հաւատքի մասնակցութեամբ», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ այսպիսով մեր եկեղեցին կանգուն մնացած է դարեր շարունակ եւ ի վերջոյ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան գործը պիտի փոխանցուի նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնց ներդրումով եկեղեցւոյ գնացքը պիտի ապահովուի, շարականը պիտի հնչէ, եւ այս բոլորը կարելի է, եթէ անոնք մասնակից ըլլան եկեղեցւոյ կեանքին: Ան մաղթեց, որ դպրեվանքը մեր ժողովուրդի սպասաւորութեան իր առաքելութեան մէջ յարատեւ վերելք արձանագրէ: Աւարտին սրբազանը կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն, որպէսզի անոնք իրենց լաւագոյն զաւակները դպրեվանքին ճամբով նուիրեն Աստուծոյ եւ ազգին:
Յայտնենք, որ ուրբաթօրեայ յաջորդ պատարագը տեղի պիտի ունենայ 5 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

