Հայոց Ցեղասպանութեան Ու Որբերու Թանգարանի Կառուցումը «Թռչնոց Բոյն»-ին Մէջ Հասած Է Իր Վերջին Հանգրուանին

10517618_10152709016197873_8019467222672583435_o-1024x682«Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ կ’ուզեմ հաստատել, որ ահաւասիկ Հայոց ցեղասպանութեան ու որբերու նուիրուած այս թանգարանին կառուցումը հասած է իր վերջին հանգրուանին», յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոս, հինգշաբթի, 31 յուլիս 2014-ի առաւօտուն, «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ, Ժիպէյլ: Շարունակելով իր խօսքը, ներկայութեամբ թանգարանի շինարարական ու գեղարուեստական յանձնախումբերուն, ան ըսաւ, որ թէեւ Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ բազմաթիւ թանգարաններ կան, սակայն  Հայոց ցեղասպանութեան ու որբերու նուիրուած այս թանգարանը եզակի է իր բնոյթով ու նպատակով, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հազարաւոր որբերը յաճախ կը մոռցուին, սակայն` «այս թանգարանին ճամբով մեր որբերը իրենց որբացած կեանքով, սակայն ամուր հաւատքով ու վճռակամութեամբ, մեր հաւաքական յիշողութեան ու գիտակցութեան մէջ վառ պիտի մնան»: Կաթողիկոսը շեշտեց, որ որբերն են, որոնք ո՛չ միայն վերակազմակերպեցին հայրենազուրկ մեր ժողովուրդին կեանքը, այլեւ դարձան ռահվիրաները մեր ժողովուրդի վերածննդեան ու անոր արդար իրաւունքներու վերատիրացման նուիրական դատին:

10531424_10152709016092873_5356186959042414736_o-1024x682Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունելէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան ու որբերու թանգարանին յանձնախումբերը, նախագահեց ամբողջ օր մը տեւած ժողովական աշխատանքներուն: Յայտնենք, որ յանձնախումբին մաս կը կազմեն կաթողիկոսարանի ճարտարապետները, պատմաբաններ ու հնագէտներ: Թանգարանին շինութեան բարերարութիւնը ստանձնած են Զուիցերիայէն տէր եւ տիկին Ալեքքօ ու Անի Պեզիկեանները:

Թանգարանը պիտի ունենայ երեք բաժին` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան, որբերու կեանքին եւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան:  Թանգարանին մէջ գեղարուեստական մօտեցումով եւ արդիական ճարտարագիտութեան կարելիութիւններու լայն օգտագործումով պիտի զետեղուին նկարներ, տեղեկութիւններ եւ իրեր` երաժշտութեամբ ներդաշնակուած: Թանգարանի մուտքին պիտի տեղադրուի Մարիա Ճէյքոպսընի դամբարանը, որ «Թռչնոց բոյն»-ի հիմնադիրը եւ հազարաւոր որբերու «մայրը» դարձած է, եւ անոր կողքին` 1929-1953 շրջանին մահացած որբերու դամբարանը:

Օրին յանձնախումբը կոչ ուղղած էր բոլոր անոնց, որոնք «Թռչնոց բոյն»-ի կամ ընդհանրապէս որբերու առնչուած փաստաթուղթեր (նկար, վկայագիր, հաստատագիր, վիճակացոյց եւ այլն) ու գոյքեր ունին` խնդրելով զանոնք տրամադրել թանգարանին, առ ի ցուցադրութիւն: Նոյն կոչը դարձեալ կը կրկնենք:

Թանգարանին շինութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի յառաջիկայ վեց ամիսներու ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )