Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արեւելեան Ուղղափառ Եւ Անկլիգան Աստուածաբանական Երկխօսութեան Դիւանը

10527313_781814515173606_8169628579654529914_n1Չորեքշաբթի, 6 օգոստոս 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Արեւելեան ուղղափառ եւ անկլիգան եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնաժողովին դիւանը: Հանդիպումին ներկայ էին յիշեալ յանձնաժողովին համաատենապետները` Ճեֆրի Ռովել եպիսկոպոսը եւ Պիշոյ արքեպիսկոպոսը, համաքարտուղարները` Նարեկ արք. Ալեմէզեանը եւ Կանոնիկոս Ալիսոն Պառնեթ-Քովընը, ինչպէս նաեւ` կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ  Յուսիկ ծ. վրդ. Մարտիրոսեանը:

Համաատենապետները վեհափառ հայրապետին զեկուցեցին յանձնաժողովին մինչ այդ ունեցած քննարկումներուն արդիւնքներուն եւ անոր ունեցած կարգ մը մտահոգութիւններուն մասին:

Ողջունելով յանձնաժողովին աշխատանքները` Արամ Ա. կաթողիկոս յետադարձ ակնարկ մը նետեց անկլիգան եկեղեցիներուն հետ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեան վրայ եւ շեշտեց այդ յարաբերութիւնը աստուածաբանական լուրջ երկխօսութեան վերածելու ու ապա արդիւնաշատ գործակցութեամբ արտայայտելու հրամայականը: Ան հակիրճ կերպով խօսեցաւ եկեղեցական երկու ընտանիքները բաժնող յատկապէս քրիստոսաբանական ու եկեղեցաբանական հարցերուն մասին, յիշեցուց, որ անհրաժեշտ է առաւելաբար ակադեմական բնոյթ ունեցող այս հարցերուն առընթեր, նաեւ լուրջ քննարկումի ենթարկել ժամանակակից ընկերաբարոյական խնդիրները, որոնք բաժանումներ կը յառաջացնեն ո՛չ միայն միջեկեղեցական, այլ նաեւ ներեկեղեցական ծիրին մէջ` տեղի տալով ընկերային նոր տագնապներու:

Ժողովականները կաթողիկոսարանին հիւրերը եղան երկու օր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )