Փաշազատէ Պատասխանեց Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին

28NOV2011Կովկասի իսլամներու վարչութեան ղեկավար, Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Շէյխ-ուլ-Իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ  պատասխանեց  Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նամակին:

Ըստ ազրպէյճանական լրատուական միջոցներուն, Փաշազատէ, մասնաւորապէս, կոչ ուղղած է վեհափառին իր հեղինակութիւնը օգտագործելով ազդեցութիւն բանեցնելու Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի վերջիններս «դուրս բերեն ուժերը Ազրպէյճանի տարածքէն եւ իմաստուն դիրքորոշում որդեգրեն խաղաղ բանակցութիւններուն ընթացքին»:

Յիշեցնենք, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը 5 օգոստոսի իր նամակին մէջ Կովկասի իսլամներու հոգեւոր առաջնորդին կոչ ուղղած էր ջանքեր գործադրելու, որպէսզի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ չվտանգուի ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը:

Share this Article
CATEGORIES