Սարգսեան. «Սահմանային Միջադէպերը Նոյն Ուժգնութեամբ Պիտի Չշարունակուին»
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կարծիքով, Սոչիի հանդիպումէն ետք հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող միջադէպերը նոյն ուժգնութեամբ պիտի չշարունակուին:
Կիրակի օր Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպումէն ետք «Արմնիուզ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ պատասխանելով այն հարցումին, թէ կա՞յ կարելիութիւն, որ սահմանային միջադէպերը նոյն ուժգնութեամբ շարունակուին, նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Ես չեմ կարծեր, որ նոյն ուժգնութեամբ պիտի շարունակուին, որովհետեւ նախ դէպքերը ցոյց տուին, որ հայկական զինեալ ուժերը ամբողջովին կը տիրապետեն կացութեան, եւ ազրպէյճանցիներուն բոլոր փորձերը, անշուշտ, ձախողեցան, տեղ մը շատ աւելի արագ եւ կտրուկ, այլ տեղ մը որոշ կորուստներով»:
«Ընդհանրապէս, ամէնէն արդիւնաւէտ մեքանիզմը, միջադէպերու կանխման, հետաքննութեան միջազգային մեքանիզմ ստեղծելն է: Եթէ մենք կարենանք այդպիսի մեքանիզմ ստեղծել, ես կը խորհիմ, որ ատիկա միջադէպերը կանխելու շատ լուրջ խթան կ՛ըլլայ, որովհետեւ նման մեքանիզմը կ՛ենթադրէ մեղաւորներու բացայայտում եւ անոր մասին հանրութիւնը, ներառեալ` միջազգային հանրութիւնը, տեղեակ պահելու հանգամանք: Այնպէս որ, մենք այս ուղղութեամբ պէտք է աշխատինք», շարունակեց Հայաստանի նախագահը:
Սարգսեան նշեց, որ վերջին շրջանին տեղի ունեցած սահմանային միջադէպերով Ազրպէյճան կը լուծէր քանի մը խնդիր, որոնցմէ ամէնէն գլխաւորն ու կարեւորն էր «միջազգային հանրութեան հասցնել այն գաղափարը, այն միտքը (եւ Ազրպէյճանի ղեկավարը ատիկա երբեք չէ ծածկած), որ պատերազմը չէ աւարտած, աւարտած է պատերազմի մէկ հանգրուանը, եւ պէտք է հիմա շատ արագ միջոցներու ձեռնարկուին, որպէսզի խնդիրը ստանայ իր վերջնական լուծումը»: «Մենք բոլորս ալ համոզուած ենք, որ ատիկա այդպէս է: Չէք կրնար հիմա ինծի յիշեցնել դէպք մը, որ իւրաքանչիւր կարեւոր հանդիպումէ առաջ կամ ետք միջադէպերու ուժգնութիւն չարձանագրուի: Իսկ այդպիսի կարեւորագոյն հանդիպում, անշուշտ, սկիզբէն իսկ կ՛ենթադրէր այդպիսի մօտեցում», ընդգծեց ան:
«Յաջորդ նպատակը, որ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը, Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը ունին, ատիկա, ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ` «հայերուն աչքը վախցնելն է»: Անոնք կ՛ուզէին ցոյց տալ ե՛ւ իրենց, ե՛ւ ուրիշներուն, որ իրենք ուժեղ են, իրենց զինեալ ուժերը մարտունակ են, եւ իրենք կրնան, ինչպէս իրենք կ՛ըսեն, «պատժել հայկական զինեալ ուժերը»: Ինչպէս տեսաք, այդ խաբկանքը զանոնք հասցուց ոչ բարենպաստ հանգրուանի», շարունակեց Հայաստանի նախագահը:
«Երրորդ նպատակը, կը խորհիմ, ներքաղաքական է. Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ արդարացնել իր կարծր քաղաքականութիւնը երկրին մէջ, պատերազմը աւարտած չըլլալու հանգամանքը շահարկելով», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Անդրադառնալով բանակցային հոլովոյթին` նախագահը նշեց. «Մենք բանակցութիւնները կը վարենք քազանեան փաստաթուղթին շուրջ, եւ ատիկա 2011 թուականի փաստաթուղթն է, որ Ազրպէյճանի նախագահը վերջին պահուն հրաժարեցաւ ստորագրելէ: Քազանեան փաստաթուղթը, ինչպէս յայտնի է, հիմնուած է Մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ, եւ կ՛ենթադրէ խնդիրի լուծում երեք հիմնական սկզբունքներու, այն է` ուժի կամ անոր սպառնալիքի չօգտագործում, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքները»:
Գնահատելով կիրակի Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումը` Սարգսեան ըսաւ. «Մենք, ընդհանրապէս, կը մեկնինք այն հանգամանքէն, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի զինուորական լուծում գոյութիւն չունի: Եւ եթէ այդպէս է, խնդիրը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցով: Ուրեմն մենք միշտ, առանց ձեւականութիւններու, ինչպէս կ՛ըսեն` «առանց նազ ծախելու», միշտ կը համաձայնինք հանդիպումներու, աւելին` բարձր մակարդակով հանդիպումներու, եւ այս դէպքն ալ բացառութիւն չէր: Մենք անմիջապէս արձագանգեցինք Ռուսիոյ նախագահի հրաւէրին հանդիպելու Սոչիի մէջ, եւ ինչպէս տեսաք, հանդիպումը տեղի ունեցաւ»:
Հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը նաեւ անդրադարձաւ Չինարի գիւղի բնակիչ Կարէն Պետրոսեանի 7 օգոստոսին գերի բռնուելուն եւ յաջորդ օրը մահանալու փաստին:
«Այդ մահը ազրպէյճանցիներու խիղճին վրայ է, եւ այդ մահուան պատասխանատուն, անշուշտ, անոնք են: Կիրակի այլ հարցով խօսակցութեան մը ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահի ներկայութեան Ազրպէյճանի նախագահին ես ըսի, որ ամօթ է այդպիսի մարդիկ սպաննելը: Ան ըսաւ. «Մենք չենք սպաննած»: Ըսի` մարդը, 31 տարեկան տղան, ինչպէս ես տեղեկացուած եմ, ոգելից խմիչքի ազդեցութեան տակ ինչո՞ւ պիտի անցնէր ձեր մօտ եւ մահանար: Ալիեւ ըսաւ. «Կրնայ ըլլալ, որ վախցած է, մահացած է», պատմեց նախագահ Սերժ Սարգսեան` աւելցնելով. «Բայց մենք պէտք է զուսպ ըլլանք: Պատերազմը կատակ չէ, պատերազմը անլուրջ վերաբերմունք չ՛ընդունիր: Ես կը հասկնամ, որ անկարելի է բոլորը վերահսկել, ես կը հասկնամ, որ տարբեր հանգամանքներ կ՛ըլլան, եւ ատիկա չ՛արդարացներ ազրպէյճանցիներուն գործողութիւնները, բայց մեր սահմանամերձ բնակավայրերուն քաղաքացիները շատ լաւ պէտք է հասկնան, որ գործ ունին թշնամիի հետ. զայրացած, կատղած թշնամիի հետ»:
Խօսելով ղարաբաղեան – ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ խաղաղապահներու հաւանական տեղակայման մասին` Հայաստանի նախագահը ըսաւ, որ մատրիտեան սկզբունքները կ՛ենթադրեն կողմերու միջեւ սահմանի ամբողջ երկայնքին խաղաղապահներու տեղակայում: Քազանեան փաստաթուղթին մէջ եւս հաստատուած է այդ դրութիւնը, «իսկ խաղաղապահ ուժերու կազմը, լիազօրութիւնները կ՛որոշուին մեծ համաձայնագիրին մէջ, որ պիտի հետեւի այս փաստաթուղթը ստորագրելուն»:
Ինչ կը վերաբերի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, նախագահին կարծիքով, անհրաժեշտութիւն չկար, որ կազմակերպութիւնը որեւէ ձեւով արձագանգէր վերջին միջադէպերուն:
«Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործողութիւնները միշտ պայմանաւորուած կ՛ըլլան դիմող երկրի գործողութիւններով: Անշուշտ, կազմակերպութիւնը կրնար արձագանգել եւ կրնար ասիկա զուտ թեքնիք խնդիրներով պայմանաւորուած ըլլալ: Որքան ես տեղեակ եմ, կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը մօտիկ ապագային Հայաստան պիտի այցելէ: Ասիկա արդէն վերաբերմունք է: Իսկապէս ես համոզուած եմ, որ անոր անհրաժեշտութիւնը չկար: Եթէ որեւէ մէկը կը մտածէ, որ եթէ կազմակերպութեան արձագանգէր, ազրպէյճանցիները անմիջապէս կը դադրեցնէին ոտնձգութիւնը, կը կարծեմ, որ ան կը սխալի», ընդգծեց նախագահը:
Իսկ անդրադառնալով նախանցեալ օր տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ ընտրուած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` քանի մը օր առաջ հայերուն հասցէին կատարած վիրաւորական արտայայտութեան` նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց. «Ես կը կարծեմ` այստեղ ալ զարմանալի ոչինչ կայ: Կը կարծեմ, որ հայերուն համար ալ վիրաւորական պիտի ըլլար, եթէ յանկարծ պարզուէր, որ Էրտողան հայ է»:

