Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ` Առաջին Դիրքին Վրայ

0811ԱլաշկերտՆախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները:

Ալաշկերտ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Միքայի հետ, գրաւեց առաջին դիրքը:

Փիւնիկ, Շիրակ եւ Ուլիս արձանագրեցին տարեշրջանի իրենց առաջին յաղթանակը, յաջորդաբար Գանձասարի (2-0), Արարատի (2-0) եւ Բանանցի (1-0) դէմ:

Նշենք, որ վերոնշեալ երեք յաղթական խումբերը, ինչպէս նաեւ Բանանց, կատարած են մէկական մրցում:

 

Share this Article
CATEGORIES