ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Մարզիկները Մասնակցեցան Երէց Կարգի Սեւ Գօտիի Մրցաշարքին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Թէյքուանտոյի ֆետերասիոնին, կիրակի, 10 օգոստոս 2014-ին տեղի ունեցաւ երէց կարգի սեւ գօտիի տարեկան ախոյեանութիւնը, տարբեր կշիռքներու դասակարգերու համար, Մոն Լա Սալի մէջ:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սեւ գօտի ունեցող մարզիկներ Նարեկ Պուլտուքեան (68 քիլոկրամ) եւ Էլիաս Հիտերի (87 քիլոկրամ)` հսկողութեամբ կրանտմասթըր Պասըմ Աատի եւ մասթըր Քոզեթ Պասպուսի, մասնակցեցան սոյն մրցաշարքին: Առաջին եւ երկրորդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Էլիաս Հիտերի եւ Նարեկ Պուլտուքեան, որոնք իրենց յաղթանակներով յատկանշական մրցանիշներ ապահովեցին ՀԵԸ-ի Թէյքուանտոյի մարզաձեւին մէջ` տեղական եւ միջազգային մակարդակով: Մրցաշարքի աւարտին զոյգ մարզիկները մետալներ եւ վկայագիրներ ստացան Լիբանանի Թէյքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Սոֆի Ապու Ժաուտէէն եւ ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Զէյտանէն:

