Լեկիա Վարշաւա Սելթիքին Կը Թելադրէ Քաշուիլ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքէն

Տարիուսց Միոտունսքի
Պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով Լեկիա Վարշաւայի (Լեհաստան) սեփականատէր Տարիուսց Միոտունսքի ըսաւ, որ իրենց թելադրանքը Սելթիքին այն է, որ խումբը պէտք է քաշուի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ իրենցմէ պարտուած խումբ մը պէտք չէ շարունակէ մրցաշարքը:
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթ Լեկիա Վարշաւան դուրս դրուեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն` փաստելէ ետք, որ անիկա Սելթիքի դէմ դաշտ ներկայացուցած էր կախակայուած մարզիկ մը` Պարթոսց Պերեսզինսքի, մրցումին վերջին վայրկեաններուն:
Սակայն Սելթիք ըսաւ, որ պիտի շարունակէ մրցաշարքը եւ անկէ քաշուելու նպատակ չունի:
Իսկ Լեկիա Վարշաւա ըսաւ, որ բողոքի նամակ մը պիտի ներկայացնէ մարզական պատիժներու հարցեր քննարկող Լոզանի դատարանին` փորձելով այդ կախակայումը բեկանել:
CATEGORIES Մարզական

