50 Տարի Առաջ (13 Օգոստոս 1964)

Հայ Մը, Որ
Հայաստան Չունի

ՀՅ դաշնակցութեան Ֆրանսայի «Նոր սերունդ»-ի օրկան «Հայաստան» շաբաթաթերթը իր 23 յուլիսի ֆրանսերէն բաժնի խմբագրականը նուիրած է Ա. Միկոյեանին` նախագահ ընտրուելուն առթիւ: Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք այդ խմբագրականը, որ սեղմ, այլ ճշգրիտ ու միանգամայն դառնօրէն իրական բնորոշումն է հայ անուն կրող, բայց «Հայաստան չունեցող» Միկոյեանին…

Միջազգային մամուլը միաձայնութեամբ հաստատեց, թէ Անաստաս Միկոյեանի շեշտը երբեք այնքան հայկական եղած չէր, որքան այն պահուն, երբ շնորհակալութեան քանի մը խօսք կ՛արտասանէր Գերագոյն խորհուրդին առջեւ` Խորհրդային Միութեան բարձրագոյն աստիճանին կոչուելուն առթիւ:

Ի՜նչ ճակատագիր ունեցաւ այս վաղեմի համայնավարը, համոզուած շարքային` ամէն բանէ առաջ, հաւատարիմ` մարքս – լենինեան վարդապետութեան, եւ որ, գերագո՜յն ճարպիկութիւն, գիտցաւ մնալ հո՛ն, ուրկէ ուրիշներ կրցան միայն անցնիլ:

Մեր ողբացեալ Արշակ Ջամալեանն էր, որ` դասախօս Թիֆլիսի Ներսիսեան ճեմարանին, օր մը զինք եւ ամբողջ բարձրագոյն դասարանը տարաւ զօր. Անդրանիկին մօտ, որպէսզի մաս կազմեն կամաւորական խումբերուն. իսկ Ռոստոմ զիրենք ընդունած էր զարմացած. «Ի՞նչ կ՛ուզէք, որ ընեմ այս պատանիներով. թող շարունակեն սորվիլ, դպրոց երթալ»:

Այս պատմութիւնը աւելի՛ վաւերական է, քան` այն առասպելը, ըստ որուն, Անդրանիկի մէկ ապտակն է, որ համայնավար դարձուցած է Էջմիածնի ճեմարանի այս նախկին աշակերտը:

Ապա կը սկսի բացառիկ վերելք մը` փրկելով գլուխը անկախութեան օրերուն. շարքային համայնավար` հայ ըլլալէ առաջ, մեծ յուզումի պահուն, պիտի յայտնաբերէր այդ յուզումը հայկական զօրաւոր շեշտով մը:

Ըլլալով հանդերձ Խորհրդային Հայաստանի երեսփոխան, ան չկրցաւ (՞) հալածանքէ եւ աքսորէ փրկել հայ մտաւորականութեան ընտրանին: Լուռ` դիտեց գնդակահարումը իր հայրենակիցներուն, որոնք հայե՛ր էին` համայնավարներ ըլլալէ առաջ, եւ ա՛յդ պատճառով ճաշակեցին Սիպիրի միշտ անողոք եւ երբեմն մահացու մթնոլորտը:

Մնայուն «թիւ երկրորդ», խորամանկ եւ ճարպիկութեան տէր նկատուած քաղաքագէտ` այսօր կը դառնայ երկու հարիւր միլիոն բնակչութեամբ կայսրութեան մը գլուխը:

Ի՞նչ կը խորհի այսօր այս մարդը, մեծ մարդու իր առանձնութեանը մէջ: Նոյնիսկ իր մենաւոր խոկումի պահերուն կը մնա՞յ նոյն համոզուած համայնավարը, հասած` փառքի գագաթնակէտին, թէ՞ գոնէ մէկ վայրկեան կը ցաւի սեփական հայրենիքի պակասին, որ ամէն հայու տռամն է:

Տարօրինա՜կ ճակատագիր` մարդու մը, որ օժտուած է իր ցեղին յատուկ իմաստականութեամբ եւ հասած` գլուխը հայրենիքի մը, որ կ՛ուզէ ըլլալ բոլո՛ր ժողովուրդներու հայրենիքը, բայց որ ի՛րը չէ…

Իմաստութիւնը, զոր կու տան կուսակցական երկար պայքարները` երիտասարդ օրերու խանդավառութենէն ետք, չեն կրնար չզգացնել իրեն, թէ ինք եւ իր բոլոր հայրենակիցները, ի՛նչ ալ ըլլան իրենց համոզումները, հա՛յ մըն է, որ Հայաստան չունի…

 

Փիցպուրկի Նուագախումբի
Օգնական Վարիչը Հայ Մըն Է

Փիցպուրկի սեմֆոնիք նուագախումբի ղեկավարին գաւազանը յաճախ պիտի շարժի հռչակաւոր ամերիկահայ խմբավար Հայկ Եաղճեանի ձեռքերուն մէջ: Նուագախումբը, որ ուրբաթ պիտի մեկնի կատարելու համար շրջապտոյտ մը 14 երկիրներու մէջ, պիտի մասնակցի նաեւ Պաալպեքի փառատօնին:

Նուագախումբին շրջագայութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ նոյեմբեր 1, եւ անոնք պիտի այցելեն` Իրան, Լիբանան, Յունաստան, Զուիցերիա, Լիւքսամպուրկ, Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Լեհաստան, Եուկոսլաւիա, Իտալիա, Ֆրանսա, Սպանիա, Փորթուգալ եւ Իսլանտա:

Նուագախումբին երկրորդ խմբավարն է Հայկ Եաղճեան, Տիթրոյիթի մէջ ծնած հայ ընտանիքէ մը, որ նշանաւոր է ամերիկեան մշակոյթի բերած իր մասնակցութեամբ:

Հ. Եաղճեան ղեկավարած է նուագախումբեր Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներուն մէջ եւ մեծապէս սիրուած է երիտասարդութեան կողմէ: Ան ղեկավարած է Փիցպուրկի Երիտասարդական նուագախումբը եւ Փիցպուրկի սկսնակներու նուագախումբը, որ կազմուած է երկրորդական վարժարաններու եւ քոլեճներու նշանաւոր նուագողներէն: Փիցպուրկի մէջ ան կը ղեկավարէ Սիմֆոնիք նուագախումբը եւ Փիցպուրկի Սիմֆոնեթթան, որ մայր նուագախումբէն ընտրուած պզտիկ խումբ մըն է: Գլխաւոր ղեկավարն է Ուիլիըմ Սթէյնպերկ, որուն Եաղճեան հանդիպած է, երբ վերջինս ուսուցիչ էր Քալիֆորնիոյ Փասատենա քաղաքին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )