Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Չափաւորեցէք ձեր զգացումները, ձեր յարգանքը` այնպիսի անձերու նկատմամբ, որոնց դեռ նոր ծանօթացած էք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նուէր մը ընծայելու տրամադրութիւն ունիք հարազատ անձի մը: Նոյն ատեն, ձեր կարգին նուէր պիտի ստանաք ուրախ առիթով:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դադրեցուցէք ամէն տեսակի աշխատանք` ծանրաբեռնուածութիւնը թօթափելու համար: Լռութիւնը եւ երաժշտութիւնը ունեցէք իբրեւ ընկեր:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր նախկին յաջողութիւնները շատ լաւ եղած են, բայց անոնց յիշատակով մի՛ ապրիք միայն, նոր յաջողութիւններու ձգտեցէք: Յառաջացէ՛ք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եղանակի պտուղները ճաշակեցէք, եւ ոչ` արեւադարձային պտուղը: Իւրաքանչիւր բոյս, ծառ կամ ծաղիկ իր հարազատ հողին մէջ կ՛աճի: Մա՛րդն ալ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յաջողած կերպար նկատուելու համար հարկ է ունենալ յատուկ կարողութիւններ, յատկանիշներ: Ունիք շնորհը բարձրանալու ձեր ներքին ուժով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Խոհանոցը պիտի հետաքրքրէ ձեզ: Ունիք ճաշակը` համեղ ճաշեր ընտրելու եւ հրաւէր տալու ձեր բարեկամներուն: Խրթին հարցերը լաւ ճաշասեղաններու շուրջ կը լուծուին:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նիւթական կորուստ մը եթէ ունենաք, մի՛ ափսոսաք, որովհետեւ նման փորձառութիւններ կեանքի ընթացքը կը հունաւորեն: Մնացէք հանդարտ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Խմբական աշխատանք կատարելու համար կարեւոր է գործակցութիւնը: Նկատի առէք իւրաքանչիւր գործակիցի խառնուածքը եւ կարողութիւնը: Ուշիմ եղէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շարունակեցէք այն ճամբան, զոր սկսած  էք: Պիտի կարենաք հասնիլ ձեր նպատակին` այս նոյն ուղղութեամբ: Օրը ունի զուարթ առիթներ եւ շահեր:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ընկերակցութիւնը կը փնտռեն շատեր, բարեկամ ըլլան թէ նոր ծանօթ մը: Ձեզի ուղղուած հրաւէրներ անտես մի՛ թողուք, պատասխանեցէք սիրով:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր շուրջիններուն թերութիւնը կը քննադատէք: Անոնք ունին նաեւ առաւելութիւններ, զանոնք եւս գնահատեցէք եւ գովեցէք: Արդա՛ր եղէք: Օրը լաւ է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )