Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Աղջկանց «Ֆայնըլ Ֆոր»-ի Մրցումները

Այսօր` երեքշաբթի, 12 օգոստոսին, կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումները:

Նշենք, որ երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:

Օրուան առաջին մրցումը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ ՀՄԸՄ Պէյրութը եւ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլը, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:

Այս մրցումին պիտի յաջորդէ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շապապ Արապի հանդիպումը` երեկոյեան ժամը 20:30-ին:

Նշենք, որ բոլոր մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան (նախորդներուն նման)` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ:

Share this Article
CATEGORIES