Աթլեթիզմ. Լիբանանի Բաժակի Խմբային Մրցաշարք (3-րդ Եւ Վերջին Օր). Պչաքճեան Եւ Թասլաքեան Առաջին. Եագուպեան` Երկրորդ
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին երեք օրերու վրայ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթիզմի բաժակի խմբային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ակումբներ:
Նախքան 3-րդ օրուան մրցումները սկսիլը, լիբանանեան բանակի խումբը, որ իր կարգին մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, բոլոր մարզիկներուն նուիրեց կարմիր վարդեր նկատի ունենալով, որ անոնք բոլորը մնացեալ լիբանանցիներուն նման զօրակցած էին լիբանանեան բանակին` Արսալի մէջ տեղի ունեցած ապահովական վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:
Ինչ կը վերաբերի մրցումներուն, աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն, Կրեթթա Թասլաքեան (Ինթըր Լեպանոն) հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 56″ 06 արդիւնք մը:
Աղջկանց գունդ նետելու մրցումներուն Քարին Պչաքճեան (Շանվիլ) հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 19,53 մեթր արդիւնք մը:
Աղջկանց 110 մեթր արգելարշաւի մրցումներուն, Փաթիլ Եագուպեան (Անթունիէ) գրաւեց երկրորդ դիրքը` արձանագրելով 18″ 61 արդիւնք մը:
Ինչ կը վերաբերի խմբային ընդհանուր դասաւորման, առաջին դիրքը գրաւեցին լիբանանեան բանակը (տղաք) եւ Ժամհուր (աղջիկներ)` հետեւեալ դասաւորումին հիմամբ.
ՏՂԱՔ.- 1.- Լիբանանեան բանակ` 238,40 կէտ, 2.- Ժամհուր` 74,962 կէտ եւ 3.- Ապթալ` 52,623 կէտ:
ԱՂՋԻԿՆԵՐ.- 1.- Ժամհուր` 126, 32 կէտ, 2.- Շանվիլ` 103,80 կէտ եւ Ինթըր Լեպանոն` 76,60 կէտ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին անդամներուն:

