Ճատրակ. Միջազգային 41-Րդ Ողիմպիական. Հնդկաստան – Հայաստան` 2-2. Հայաստանի Աղջիկները` Յաղթական

0811_Arm-Ind-8Թրոմսոյի մէջ (Նորվեկիա) տեղի ունեցող ճատրակի 41-րդ միջազգային ողիմպիականի 8-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հնդկաստանի հետ:

Հայրենի չորս կրանտմասթըրներն ալ հաւասարութեամբ բաժնուեցան իրենց մրցակիցներէն:

Չինաստան բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ցարդ անպարտելի մնացած Ազրպէյճանը: Վերջինս իր կրած այս պարտութենէն ետք պարագլուխի դիրքէն նահանջեց 4-րդ դիրք` իր տեղը զիջելով նոյնինքն Չինաստանի, որ ցարդ միակ անպարտելի կազմն է:

9-րդ հանգրուանին Հայաստան, որ կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը, (177 խումբերուն մէջ), պիտի մրցի Սերպիոյ դէմ (15-րդ):

8-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք հայրենի վարպետներուն արձանագրած արդիւնքը հետեւեալն է.

Լեւոն Արոնեան (2805).- 2 յաղթանակ, 5 հաւասարութիւն

0811_Arm-Col-8wԳաբրիէլ Սարգսեան (2686).- 4 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն, 1 պարտութիւն

Սերկէյ Մովսիսեան (2672).- 3 յաղթանակ, 4 հաւասարութիւն, 1 պարտութիւն

Վլատիմիր Յակոբեան (2655).- 3 յաղթանակ, 5 հաւասարութիւն

Տիգրան Քոթանճեան (2500).- 1 յաղթանակ

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Հայաստան 3,5-0,5 արդիւնքով յաղթեց Քոլոմպիոյ եւ բարձրացաւ 4-րդ դիրք` 136 խումբերուն մէջ:

9-րդ հանգրուանին Հայաստան բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռուսիոյ դէմ, որ ցարդ անպարտելի միակ կազմն է եւ իր 8 մրցումներն ալ աւարտած է յաղթանակով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES