Մտորումներ. «Լեւոն Շանթ Մշակոյթի Կեդրոն»-ը՝ Նոր Սերունդի Լուսաշող Ուղին
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Ուսումնական-կրթական ամավերջի օրերը խանդավառեցին մեզ. ի տես նորազարթ սերունդի աճին: Վարժարաններէն վկայականներու տուչութիւն, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի վկայականներ, համալսարան աւարտող երիտասարդներու սերունդ, որոնք հիացում կը ներշնչեն ամէնուս` ծնողք ըլլան թէ ազգական, հարազատ կամ դրացի, վերջապէս` հայ մարդ:
Կը ծաղկին ծիլերը, երէկուան մանուկը կարծես կը կերպարանափոխուի, պատանի է արդէն, որքա՞ն շուտ դարձած է երիտասարդ, առողջ ու կենսուրախ: Գեղարուեստական յայտագիրներ կը պատրաստեն ու կը ներկայացնեն: Նուիրեալ ուսուցիչներու կը պարտինք այս ծաղկումը` ծնողաց կողքին:
Ամէն անգամ որ ներկայ եղայ մեր աւարտական ամավերջի հանդիսութիւններուն, հրճուեցայ, յուզո՞ւմ է, թէ՞ հրճուանք: Բաղդատական մը կ՛ուրուագծուի իմ նախակրթարանի ամավերջի հանդիսութեան եւ այսօրուան հանդիսութեանց միջեւ: Մենք զաւակներն էինք Ցեղասպանութեան մնացորդացին: Ծնած էինք Պուրճ Համուտ: Ունեցած էինք մեր եկեղեցիները եւ դպրոցները, երեք համայնքներով:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի ամավերջի եւ Վարդանանց ճակատամարտի տօնը կը բեմադրուէր թատերական ձեռնարկով:
Մեր նոր սերունդը տեղեակ իսկ չէ, որ հանդիսասրահներ չունէինք: Ես նախակրթարանի վկայականս ստացած եմ վերոյիշեալ եկեղեցւոյ խորանին դիմաց, ուր (անշուշտ փակեալ վարագոյրով) բեմ մը պատրաստած էին առժամեայ: Եկեղեցի՞ն էր վկայական յանձնողը, թէ՞ մեր վարժարանին տնօրէնը:
Ուրախութիւնս կը կրկնապատկուի, որովհետեւ կը գտնուինք «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ: Եկեղեցի՞ է, թէ՞ հանդիսասրահ: Հոգիներուն լոյս իջնէ ազգային բարերար Յակոբ Տէր Մելքոնեանին եւ դերասանապետ, բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանին… «Ողորմի»-ին կը միանայ Շնորհալին, իր յիշեցուցած «Պահապան ամենայնի» աղօթքով:
***
Ներկայ եմ «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահ. հինգշաբթի, 26 յունիսի երեկոյ: Կ՛ունկնդրենք «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներուն նուագը: Դաշնակ, ջութակ, թաւջութակ: Այսքա՛ն գեղեցիկ նուագածութիւն… Շնորհալի են մեր զաւակները, տաղանդաւոր` նոյնիսկ: Կը ծափահարենք: Քիչ ետք վկայականներու բաշխում` Է. դասարանին: Վկայականաց բաշխումը կը կատարէ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան:
Ան իր սրտի խօսքը եւ շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ վկայեալ աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն: Հանդիսութեան հաղորդավար Կարպիս Գապասաքալեան բեմ կը հրաւիրէ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեանը` տնօրէնին հետ միասնաբար յանձնելու վկայականները:
Յաջորդ վկայականաց բաշխումը կը կատարուի Ժ. աւարտական դասարանի աշակերտներուն: Անոնք դարձած են շնորհալի, տաղանդաւոր դաշնակահարներ, ջութակահարներ: Ջերմ ծափահարութիւններ, ապա սրտաբուխ մաղթանք մը կը կրկնէ Յ. Թումանեան Ամենայն Հայոց բանաստեղծին մէկ մաղթանքը, որ աղօթքի ուժ ունի. «Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք, բայց մեզ պէս չապրէք»: Եթէ իր ժամանակին մեր ծնողներն ալ կարողութիւն ունենային (խօսքը կ՛երթայ իմ սերունդիս զրկեալներուն), մենք ալ կրնայի՞նք դառնալ այսպէս պատանի ու նորազարթ երիտասարդ արուեստագէտներ… Տխրելու պահը չէ, պէտք է ծափահարել այս բախտաւոր սերունդը…
Պատմական Համառօտ Ակնարկ Մը
Նախքան Լիբանանի պատերազմի տարիները` Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի ակումբին մէջն ենք. ներկայ են վարչականներ եւ յանձնախումբի անդամներ: Ժողովի պէս զրոյց մը կը սկսի: Կը մտածեն երաժշտութեան դասեր տալ պարման-պատանի մեր աշակերտներուն: Կը մտածուի հրաւիրել Լիբանանի պետական երաժշտանոցի դասախօսներ` Պօղոս Ճելալեանը, Արփինէ Փեհլիվանեանը, Մատլէն Փեհլիվանեան-Մըտաուարը եւ ուրիշներ: Զրոյցը կը վերածուի գործադրութեան պահանջի:
Կը սկսի դասաւանդութիւնը: Ունինք մօտ 15 երկսեռ աշակերտներ: Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին սրահը նեղ կու գայ:
70-ական թուականներու կիսուն ենք: Անմիջապէս կը մտածուի նոր կազմաւորուած «երաժշտանոցը» փոխադրել Նուպարեան վարժարան (ներկայի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ վայրը), որուն շուրջ թիթեղաւանը ամբողջովին չէր շոգիացած:
Մեր ակումբէն «Նուպարեան» վարժարան փոխադրութիւնը բախտաբեր եղաւ: Աշակերտները բազմացան, նոյնպէս` դասատու երաժիշտները: Ուրախ էին, գործը «կը քալէր»:
Այս ժամանակամիջոցին Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետն էր Գրիգոր Շահինեան (ողորմի հոգուդ, պարո՛ն Շահինեան):
Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը ժողովի նստած է: Լիբանանի պատերազմը սկսած է: Շրջանայինը կը մտածէ կառուցել մշակոյթի տուն մը: Գ. Շահինեան վճռական է: Կը դիմեն Համազգայինի անդամներուն: Իւրաքանչիւր անդամէն կը պահանջուի նուազագոյն 50 լ. ոսկի (այդ օրերուն տոլարը 2,50 լ. ոսկի էր):
Իւրաքանչիւր անդամ սիրով տուաւ իր բաժինը եւ` աւելի՛: Ունեցանք նաեւ նուիրատու ազգայիններ: Շինարարական գործը յանձնուեցաւ Համազգայինի անդամ շինարար Կարպիս Հարպոյեանին (հոգիիդ լոյս իջնէ Հարպոյեան Կարպիս): Հողի գնումը եղաւ արագ: Որոշուեցաւ մնալ Պուրճ Համուտի մէջ, եւ թափ առաւ կառուցման աշխատանքը:
Այսօր, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ մշակոյթի կեդրոն»-ը իր «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճով, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայով, «Քնար» եւ «Գայեանէ» պարախումբերով, «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբով, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբով, «Այգ» եւ «Գուսան» երգչախումբերով եւ այլ միաւորներով հրաշալի գործունէութիւն կը ծաւալէ լիբանանահայ գաղութին մէջ: Արուեստի այս կեդրոնը այնքա՛ն տարածում ստացաւ, որ անբաւարար նկատուեցաւ կեդրոնը, հետեւաբար նոր բաժին մը հիմնուեցաւ վերոյիշեալ գեղարուեստի դասընթացքներուն, Մըզհերի ՀՄԸՄ-Աղբալեան մարզամշակութային համալիրին մէջ:
Մեղուափեթակի բնոյթ ունին այս զոյգ մշակոյթի կեդրոնները, Համազգայինի հովանաւորութեամբ:
Երաժշտական երեկոյի մը ներկայ ըլլալը այսքան վերյուշ ստեղծեց… Աստուած պահէ Լիբանանը եւ մեզ…:
Յուսանք եւ մաղթենք, որ Համազգայինը իր բոլոր կառոյցներով եւ միաւորներով կը շարունակէ երթը` նախորդ սերունդներու հաւատքով եւ նուիրումով: Մօտ 40-ամեայ այս կեդրոնը պիտի ծաղկի հաւատքով եւ ժողովրդային ջերմ գործակցութեամբ:
28 յունիս 2014

