Պետական Քննութիւններուն Սրբագրութիւնն Ու Վկայագիրներուն Յանձնումը Յետաձգուեցան Մինչեւ Շաբաթավերջ

Նստացոյցը` կրթութեան նախարարութեան առջեւ

Նստացոյցը` կրթութեան նախարարութեան առջեւ

Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին կրթութեան նախարարութեան դիմաց տեղի ունեցաւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին կազմակերպած բողոքի նստացոյցը, որուն ընթացքին ուսուցիչները հաստատեցին, որ իրենք կառչած կը մնան պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու իրենց որոշումին, մինչեւ իրենց արդար իրաւունքներուն տիրացումը, այլ խօսքով` խորհրդարանին կողմէ աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը:

Սակայն նկատի ունենալով կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի կողմէ քննութիւնները սրբագրելու առումով տրուած վերջին առիթը, ուսուցիչներուն շարքերուն մէջ արձանագրուեցան պարագաներ, որոնք փափաքեցան ընդառաջել նախարարին կոչին: Այս իրականութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ուսուցիչները իրարու դէմ լարուին եւ կրթութեան նախարարութեան դիմաց հրմշտուք կատարուի անոնց միջեւ:

Նախարար Ապու Սաապ անձամբ միջամտեց այդ միջադէպին եւ քննութիւնները սրբագրել փափաքող ուսուցիչներուն նախարարութիւն մուտքը դիւրացուց` ընդգծելով, որ ինք կառչած կը մնայ պետական քննութեանց ներկայացած աշակերտներուն վկայագիրներ յանձնելու որոշումին:

Աւելի ուշ սակայն, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպի, հանդիպում մը ունեցաւ նախարարին հետ եւ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնն ու վկայագիրներու յանձնումը կարճ ժամանակով մը` մինչեւ շաբաթավերջ պիտի յետաձգուի:

Ապու Սաապ շեշտեց, որ սենտիքայական շարժումը արձանագրեց յաղթանակ մը` մնալով միասնական:

«Խորհուրդը պահանջեց, որ վերջ տրուի քննութիւնները սրբագրելու աշխատանքին, եւ ես ընդառաջեցի ու վերջ տուի, ինչպէս նաեւ ընդառաջեցի վկայագիրներ յանձնելու որոշումիս գործադրութիւնը մինչեւ շաբաթավերջ յետաձգելու խորհուրդի փափաքին: Անոնք այս քանի մը օրուան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենան քաղաքական հեղինակութիւններու հետ` յանգելու համար իրենց արդար իրաւունքներուն տիրանալու յարմար լուծումներու», ըսաւ կրթութեան նախարարը:

Իր կարգին, Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը փաստեց, որ իր որոշումը մէկ է, ազատ է, անկախ եւ ժողովրդավարական եւ ոչ թէ այս կամ այն հեղինակութեան ենթակայ:

Ան ողջունեց բողոքի նստացոյցին մասնակցող իւրաքանչիւր ուսուցիչ, որուն կեցուածքին շնորհիւ խորհուրդին տուած որոշումը յաջողեցաւ:

«Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ այս շարժումին ետին կը գտնուի պատճառ մը, որ մեր իրաւունքներն են», հաստատեց Ղարիպ:

Նշենք, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը այսօր պիտի գործադրէ բողոքի ընդարձակ ցոյց մը, որուն ընթացքին խորհրդարանէն պիտի պահանջէ վաւերացնել իր իրաւունքները: Խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն մասնակցելու այս ցոյցին եւ ուղղուելու Ռիատ Սոլհի հրապարակ` զօրակցելու համար իր պահանջներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )