ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Սալամի Եւ Սլէյման Ֆրենժիէի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեան է եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները եւ կառավարութեան իրավիճակը` ընդգծելով նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը եւ բանակին հանդէպ զօրակցութիւնը:
Պնաշհիի Մէջ
Նոյն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Պնաշհի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն դիմագրաւած հարցերը:

