Մանիալա Փորթոյէն Տեղափոխուեցաւ Մանչեսթըր Սիթի

Ֆրանսացի միջազգային յետսապահ Էլիաքուիմ Մանիալա իր ակումբը` Փորթոն լքելով տեղափոխուեցաւ Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի:

Ըստ անգլիական մամուլին, 23 տարեկան մարզիկին փոխանցումը` Սիթիի, կը գնահատուի շուրջ 54 միլիոն ամերիկեան տոլարով:

Թէեւ ան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին կազմին մէջ նկատի առնուեցաւ 2014-ի Մոնտիալին, սակայն ան որեւէ մրցումի իր մասնակցութիւնը չբերաւ Պրազիլի մէջ:

Նշենք, որ այսպիսով հանդիսացաւ 6-րդ մարզիկը, որ կը միանայ Սիթիին` 2014-2015 տարեշրջանին նախօրեակին:

Անոր կազմը «Փրեմիեր լիկ»-ի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ կիրակի` հիւրը ըլլալով Նիւքասըլի:

Share this Article
CATEGORIES