Չիլիցի Հենրիքեզ Փոխ Տրուեցաւ Տինամօ Զաղրեպի
Մանչեսթըր Եունայթըտի մաս կազմող չիլիցի յառաջապահ Անճելօ Հենրիքեզ մինչեւ նոր սկսելիք տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ Խրուաթիոյ ախոյեան Տինամօ Զաղրեպի:
20 տարեկան Հենրիքեզ, որ 2012-ին, Եունիվերսիթատ տը Չիլիէն միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին, վերջին երկու տարեշրջաններուն փոխ տրուած էր Ուիկընի եւ Ռէալ Սարակոսայի:
Նշենք, որ Չիլիի 21 տարեկանէն վար ազգային խումբին հետ ան 17 մրցումի ընթացքին 21 կոլ նշանակելով գրաւած էր Մանչեսթըր Եունայթըտի պատասխանատուներուն ուշադրութիւնը:
CATEGORIES Մարզական

