Ժերարտօ Մարթինօ Նշանակուեցաւ Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

0812_gerardo-martinoԻր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Էլ Մունտօ Տեփորթիվօ» յայտնեց, որ Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Ժերարտօ Մարթինօ նշանակուեցաւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով այդ երկրի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ:

Կը կարծուի, որ 51 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը իր նոր խումբին հետ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 3 դեկտեմբերին, երբ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Արժանթին պիտի մրցի Գերմանիոյ դէմ:

Նշենք, որ նախկին մարզիչ Ալեխանտրօ Սապելլայի հետ Արժանթին հասաւ մինչեւ 2014-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուան:

Share this Article
CATEGORIES