Լեւոն Զեքի Ետալեան Կ՛ակնկալէ Նախարարական Պաշտօնի Մը Տրուիլը Սուրիահայերուն

0814LevonZakiՀայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ, Սուրիոյ առեւտրական գրասենեակներու միութեան տնօրէն խորհուրդի անդամ, Հալէպի առեւտրական գրասենեակի տնօրէն խորհուրդի անդամ  Լեւոն Զեքի Ետալեան «Շամ Փրես» կայքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ նոր կառավարութեան կազմութեան եւ անոր մէջ հայ նախարարի մը ներառման անհրաժեշտութեան: Ան կը սպասէ, որ սուրիացի ժողուվուրդի բոլոր բաղկացուցիչ տարրերուն նման` սուրիահայերուն եւս նախարարական պաշտoն պէտք է տրուի յառաջիկայ օրերուն  կազմուելիք սուրիական կառավարութեան մէջ` նկատի ունենալով երկրի ապրած տագնապի ժամանակաշրջանին անոնց հսկայական զոհողութիւնները, նաեւ այն, որ հայերուն բնակած շրջանները, մանաւանդ աշխատանոցները թիրախ դարձան:

Լ. Ետալեան դիտել տուաւ. «Նախկին կառավարութեան մէջ սուրիահայերուն նախարարի պաշտօն յատկացնելը մեծ անդրադարձ ունեցաւ աշխարհի բոլոր հայերուն վրայ, մանաւանդ` սուրիահայերուն, որոնք հաւատարիմ մնացին Սուրիոյ` զայն համարելով իրենց առաջին եւ անփոխարինելի հայրենիքը: Թէեւ պատերազմը ոմանց պարտադրեց ժամանակաւորապէս անկէ հեռանալ, սակայն անոնց սրտերը կառչած մնացին  իրենց հայրենիքին, որ 1915-ին օսմանցիներու կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան օրէն ի վեր դարձաւ ապաստան ու ապահովեց ապրելու բոլոր յարմարաւէտ պայմանները: Արդարեւ, սուրիահայերը չեն զլանար ամէն ինչ տրամադրելու ի նպաստ երկրի բարգաւաճման եւ  բոլոր պարագաներու անոր  հանդէպ կը տածեն սէր ու հաւատարմութիւն, որովհետեւ անոնք տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերային խճանկարին մէկ կարեւոր մասնիկը կը հանդիսանան»:

Լեւոն Ետալեան յայտնեց, թէ բարձրաստիճան պաշտօն ստանձնելու ատակ սուրիահայերուն առաջարկուած նախարարական որեւէ պաշտօն պիտի նկատուի «որպէս յստակ ուղերձ արտաքին աշխարհին, ըսելով, որ Սուրիան կը մնայ համերաշխութեան երկիր` բազմազան համայնքներու եւ կրօններու բնօրրան, նաեւ` պատասխան ծայրայեղականներուն, որոնք խտրականութիւն կը կիրարկեն ընդդէմ փոքրամասնութիւններուն եւ քրիստոնեաներուն»:

Լեւոն Զեքի Ետալեան ընդգծեց, որ սուրիահայերը տնտեսական կարեւոր դերակատարութիւն պիտի  ունենան նոր հանգրուանի տնտեսական կեանքին մէջ, որուն հրատապ խնդիրներէն կը համարուի վերակառուցումը: «Հակառակ գրաւիչ առաջարկներուն` սուրիահայ գործարարները մերժեցին Սուրիայէն դուրս ներդրումներ կատարել, եւ փափաք յայտնեցին աշխուժ մասնակցութիւն ունենալ պատերազմի աւերները վերակառուցելու գործընթացին մէջ, յատկապէս հայկական մեծամասնութեամբ բնակուած շրջաններուն` Քեսապի, Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ, ուր առեւտրական խորհուրդին մէջ գոյութիւն ունի աւելի քան 1200 գրանցում»:

Ան անդրադարձաւ 1928-էն մինչեւ 2011 թուական սուրիահայերուն կատարած զգալի դերակատարութեան Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ, իսկ ոմանք ալ զինուորական ղեկավար պաշտօններ ստանձնած էին, ինչպէս` Հրանդ Մալոյեան եւ Արամ Գարամանուկեան, վերջինս մասնակցեցաւ նաեւ Պաղեստինի պատերազմին, ինչպէս նաեւ նախկին կառավարութիւններու մէջ գործող ելեւմուտքի նախարար Հանրի Հնթիէ 1936-ին եւ պետական նախարար` Սապետ Արիս 1943-ին, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան նաեւ մշակութային, ընկերային եւ մտաւոր կեանքին մէջ:

Պետական գրանցման մատեաններուն մէջ արձանագրուած են 300 հազար սուրիահայեր, որոնցմէ 100 հազարը 2011-ի տագնապէն առաջ մնայուն բնակութիւն հաստատած է Սուրիոյ մէջ, սակայն տնտեսական ապահովական պայմաններու բերումով  ոմանք ժամանակաւորապէս մեկնած են Հայաստան, Լիբանան եւ այլ երկիրներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )