Երիտասարդական Ոսպնեակ. Պոլսոյ Հայ Խաչակիրներու Սերունդը (Պանք Օթոման, 118-Ամեակ)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Թէ ինչո՛ւ նման բառակապակցութեամբ մը ուզեցինք բնորոշել յեղափոխական ցուցական այս արարքը, մանաւանդ այս հանգրուանին, երբ բարբարոս ծայրայեղութիւններու ականատես է մարդու տեսակը.
Թէ ինչո՛ւ այսպէս ասած դիտաւորեալ զատորոշումով մը կ՛անդրադառնանք երբեմնի Պոլսոյ հայ կեանքին մէջ իր եզակի դերն ու տեղը ունեցած գաղափարական կուսակցութեան մը յանդուգն նախաձեռնութեան, որդեգրած ոճին ու կամքի արտայայտութեան.
Թէ ինչո՛ւ այլապէս կը շեշտենք Պանք Օթոմանի սխրանքը ու անոր հետ միատեղ կ՛ընդգծենք անոր նպատակ-հեռանկարային մղումն ու հետապնդած արժանապատիւ առաջադրանքները.
Թէ ինչո՛ւ կը յիշենք եւ կ՛արժեւորենք նման քաջարի կեցուածք մը, դէպի թշնամի որջեր արշաւելու խիզախ որոշում մը, որ աւելի քան հարիւր տասնհինգ տարիէ իր ներկայութիւնն է պարտադրած…
Որպէսզի ընդգծենք երկու հիմնական հասկացողութիւններ, որոնք, կը կարծենք, թէ մեր` հայութեան պարագային ունին յոյժ կարեւորութիւն ու այժմէական պահուածք:
Ատոնցմէ մէկը թրքութիւնն է եւ անոր շարունակուող հայաջինջ ծրագիրներու հետապնդումը, իսկ միւսը` հայոց ազատագրական մերօրեայ պայքարի ու մարտունակութեան ցուցանիշ հանդիսացող` դիպուկ հարուածներ հասցնելու պետական մակարդակի ռազմավարական թէ մարտավարական ուղղուածութիւններու որդեգրման հրամայականն է:
Յայտնենք, որ ոչ մէկ միտում կայ ստորագնահատելու երբեմնի խաչակրաց արշաւանքներու (Երուսաղեմի ազատագրում) պատմական ու քաղաքական կարեւորութիւնն ու ատենի քրիստոնեայ աշխարհին համար անոր ստեղծած խանդավառ եւ ոգեւորիչ տարողութիւնը, այդուհանդերձ, շեշտը կը դնենք այն իրողութեան վրայ, որ եթէ երբեք հայութիւնը իր ծոցէն ծնունդ տուած չըլլար 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն հայ գաղափարական լիցքով խաչակիրներու, դժուար թէ կարենայինք ապրիլ եւ գոյութենական մեր սրբազան պայքարին մէջ յառաջխաղացք ու մեծ ոստումներ արձանագրել յանուն հայ պետականութեան ստեղծման:
Այլ խօսքով, եթէ երբեք միջնադարեան խաչակիրներ ճանչցուեցան իբրեւ քրիստոնէական սրբավայրերու վերատիրացման պաշտպաններ, ապա հայ յեղափոխականներն ու ֆետայիները եղան այն բուռ մը հաւատաւոր ու նուիրեալ ուխտապահները, որոնք իրենց ազգային իտէալներու իրագործման, բազմաչարչար ազգի եւ բնաջնջումի ենթարկուող ժողովուրդի մը դատին պաշտպան կանգնելու համար զինուորագրուեցան հայ խաչակիրներու ասպետական բանակին:
Իրօք, խաչակիրներ էին անոնք, որովհետեւ անոնք իրենց շալակին ունէին ո՛չ միայն ազգին դարաւոր լուծը` գոյատեւման խաչը, այլ նաեւ հայրենիք կերտելու եւ սեփական հողի վրայ ապրելու վեհափառ երազանքը:
Եւ այդ սրբազան խաչին տիրութիւն ընելու հաստատ համոզումով, ճիշդ 118 տարի առաջ` 14 օգոստոս 1896-ին, Կոստանդնուպոլսոյ թուրքի ու թրքութեան որջին մէջ տեղի կ՛ունենար Պանք Օթոմանի գրաւումը, ատենի ամէնէն ահաւոր եւ ցնցիչ գործողութիւնը ընդդէմ թրքական թէ եւրոպական դրամագլուխի եւ առեւտրա-տնտեսական շահերու:
Տնտեսական շահե˜ր, ցաւ ի սիրտ, որոնք մինչեւ այսօր պատճառ կը դառնան միլիոնաւոր մարդոց կեանքի ոչնչացման, պետութիւններու թէ երկիրներու օր ցերեկով հիմնայատակ կործանումին:
Արդարեւ, Պանք Օթոմանի վսեմ գործողութեան մասին ինչպիսի՛ մեկնաբանութիւններու եւ կամ պատճառահետեւանքային վերլուծութիւններու տեղիք տանք, հիմնական եւ անփոխարինելի արժէքային չափանիշ մը, պայծառ ճշմարտութիւն մը ինքզինք կը յայտնաբերէ, թէ դարաւոր ստրկութեան սեւաթոյր շղթաները փշրելու եւ դէպի ազատութեան բագին ճախրելու գիտակցութիւնն էր անիկա, մերժելու եւ դէմ կանգնելու ջարդի եւ բռնադատութիւններու այլազան ձեւերու, որոնք ահ ու սարսափի էին մատնած ամբողջ հայութիւնը, այսպէս ասած քրիստոնեայ Եւրոպայի «լուսաւոր» հայեացքներու եւ ստապատիր խոստումներու ներքեւ:
Արդարեւ, ինչպէ՛ս կարելի է մոռացութեան տալ սուլթանի գործած ոճրային եւ անմարդկային բարբարոսութիւնները յատկապէս 1894-1896 տարիներուն, երբ ան քաղաքական ճնշումներու իբրեւ հակազդեցութիւն կը խուսափէր գործադրելու Մայիսեան ծրագիրն ու անոր հետեւող բազմաթիւ տարրական յանձնառութիւններ:
Ջարդեր ամբողջ Արեւմտահայաստանի տարածքին, բազմահազար հայերու անմեղ եւ սուրբ արեան հեղում` աննախընթաց տարողութեամբ:
Օրին, յայտնապէս ի՞նչ պէտք էր ակնկալել հայկական յեղափոխութենէն, որ իր առաքելութեան կազմաւորման սկզբնական շրջանին մէջ կը գտնուէր: Արդարեւ, ինքնակազմակերպման եւ ինքնահաստատման նախաքայլերը առած` ինքզինք կը յանձնէր յեղափոխաշունչ քուրաներու եւ զինեալ յորձանուտին, զոհելով իր ընտրանի շարքերուն ամէնէն տիպական եւ քաջասիրտ տղաները:
Եւ այդ տղոց շարքին կը գտնուէր ազնուականի, մարդասէրի եւ հայասէրի իր բարեմասնութիւններով յատկանշեալ քսաներեքամեայ յեղափոխական մը, յանձին Բաբգէն Սիւնիի (Պետրոս Փարեան), որ յղացաւ Պանք Օթոմանը գրաւելու միտքը, մտածեց, թէ նման արարքով եւրոպական պետութիւնները ուշքի պիտի կարենային բերել` ցոյց տալով անոնց երկդիմի եւ շահամոլ վարքագիծը: Աւելի՛ն. ան իր ուժական կամքի արտայայտութեամբ եւ թուրքին դէմ կռուելու տրամադրուածութեամբ նաեւ կ՛ուզէր ցոյց տալ հայ յեղափոխականին ուժեղ հարուածներուն թափն ու կարողութիւնը:
ՀՅ Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով երբ կարգի կը դրուէր նման պատասխանատու գործողութիւն մը ծաւալելու ընթացքը, Բաբգէն Սիւնի կը հանդիսանար այդ աշխատանքին առանցքը, կազմակերպական ոգին ու խանդավառ առաջնորդը:
Ճիշդ է, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Եուսուֆեան եւ Արշակ Վռամեան սերտօրէն կ՛աջակցէին Բաբգէն Սիւնիի, այլապէս խրախուսիչ էր ներկայութիւնը Արմէն Գարոյի, Հրաչ Թիրիաքեանի թէ այլ անձնուէր տղոց, որոնք առաւել համոզումով փարեցան գործողութեան եւ երկնեցին ազգային արժանապատուութեան փառքն ու պսակը:
Դաշնակցական գրականութիւնը իր յուշագրային թէ արխիւային հարստութեամբ լաւագոյնս արձագանգած է Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութեան, անոր ունեցած ազդեցութեան եւ հետեւանքներուն, եւ ի լուր աշխարհին ցոյց տուած է, թէ թուրքին դէմ պայքարելու երդում տուած հայ յեղափոխական խաչակիրներու արարքները սոսկ արկածախնդրական եւ ինքնանպատակ չէին, այլեւ անոնք ամբողջ ժողովուրդի մը գաղափարանուէր երիտասարդութեան պոռթկումին եւ ցասումին բիւրեղ արտայայտութիւնը կը հանդիսանային:
Այս առումով, ինչպէ՛ս կարելի է չհպարտանալ Բաբգէն Սիւնիներու նման հզօր հաւատք ունեցող խաչակիրներով, որոնք տիւ եւ գիշեր աշխատեցան ու յաջողեցան ե՛ւ թուրք ե՛ւ հայ գործակալներու քիթին տակ ռումբեր ու փամփուշտներ տեղափոխել, տղաք պատրաստել ու զինել, ծրագրաւորել եւ հասնիլ այդ օրուան, երբ դրամատան գրաւումով արդէն պիտի ցնցուէր ամբողջ Պոլիսը:
Փաստօրէն, գործողութեան առաջին վայրկեաններուն, թէեւ դաշնակցական մտքի ու բազուկի հաւատաւոր խաչակիր Բաբգէն Սիւնի կը նահատակուէր դրամատան մուտքին, սակայն սրբազան գործին շարունակութիւնը կը ստանձնէին Արմէն Գարօ եւ Հրաչ Թիրիաքեան, որոնց կը վիճակուէր ղեկավարել եւ իր լրումին հասցնել գործողութիւնը, ապահովելէ ետք անոր յաջողութիւնը:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ խաչակիրներու խումբին մաս կազմող միւս յեղափոխականները, ո՛չ միայն կրցան իրենց հսկողութեան տակ առնել բազմայարկ դրամատունը, այլ նաեւ կռուիլ աննահանջ եւ կասեցնել թուրք ոստիկաններու թէ զինուորներու խուժանային յարձակումները:
Պանք Օթոմանի գործողութեան ծիրին մէջ երբեք պէտք չէ մտահան ընել ընդհանուր ծրագիրին մաս կազմող այն բաժինը, երբ Սամաթիոյ շրջանին մէջ գաղափարապաշտ խաչակիրներ յանձին Խաչիկ Գնունիի եւ իր ընկերներուն, ռումբերու տարափին տակ պիտի զգետնէին օգնութեան հասնող զօրամիաւորներ: Անոնք կատարելէ ետք իրենց վստահուած առաքելութիւնը, իրենց կարգին կը նահատակուէին ազատութեան սուրբ բագինին:
Հակառակ անհաւասար մարտերու, սոսկալի հրացանաձգութեան եւ պայթիւններու տարափին, յստակ էր, յատկապէս օտար պաշտօնութեան, թէ այս խաչակիր յեղափոխականները կողոպուտի եւ թալանի չէին եկած, անոնք մարդասպաններ, անխիղճ ու անբարոյ ծայրայեղականներ կամ վատոգիներ չէին, այլ հաւատաւոր զինուորագրեալները իրենց ժողովուրդի արդար դատին:
Խաչակիրներու այս տիպի տղաքը ազատութեան ջահակիր եւ իրաւունքի պաշտպանութեան ռահվիրաներ էին: Նման գործողութեան դիմած էին պարզապէս սուլթանի ահաւոր ջարդերուն վերջ տալու, խոստացուած բարենորոգումներու ընթացքը ապահովելու, ազգային կեանքը սարսափազդու կացութիւններէ զերծ պահելու, հայոց արիւնահեղութիւնը կասեցնելու ու մարդկային տարրական երաշխիքներ ունենալու համար:
Եւ այս բոլորի բանաձեւումը անոնք ներկայացուցած էին իրենց պահանջագիրով, որով կ՛ազդարարէին եւրոպական ներկայացուցիչներն ու սուլթանական միջավայրերը, այլապէս անոնք օդը պիտի հանէին դրամատունը:
Ճիշդ է, որ դրամատան գործողութիւնը ունեցաւ տարբեր աւարտ, երբ բանակցութիւններու իբրեւ հետեւանք դադրեցան մարտերը եւ եւրոպացիներու այսպէս ասած խոստումին ապաւինած, յեղափոխական տղաք դուրս եկան դրամատունէն եւ ուղղուեցան այլ երկիր:
Քանի մը առումով ատենի զգացական¬իտէալական այս շարժումին եւ յեղափոխական արարքին էութիւնը չէ կորսնցուցած իր գրաւչութիւնն ու հմայքը` յատկապէս թուրքին բարբարոսութիւնը սանձելու եւ հայու արեան վրէժը լուծելու վճռակամութեան վարակիչ պատգամով:
Աւելի՛ն. երբեմնի սուլթաններու արիւնռուշտ բնազդին եւ ցեղապաշտ մոլուցքին դէմ կանգնելու հայաբոյր խաչակրութիւն մըն էր Պանք Օթոմանի գործողութիւնը, որ, իր կարգին ազդարարիչ պատգամ մը կ՛ընդգրկէր պոլսահայ յետադիմականներու, ծառայամիտ ամիրաներու, հաճոյակատար թէ թրքութեան քղանցքին կամակատարներու, որոնք ամէն գնով եւ սառնասրտօրէն չէին ուզեր տեսնել հայրենակիցներու ցաւն ու տառապանքը, մահն ու սարսափը, բայց մանաւանդ զանգուածային սպանդները:
Պանք Օթոմանի խաչակրութիւնը պահ մը մտածել կու տայ, թէ Բաբգէն Սիւնիներ հասկնալու եւ արժեւորելու համար հարկ է մօտէն առնչուիլ հայութեան արեան կանչին, գոյութենական պայքարին եւ այդ պայքարի ծնունդ գաղափարական ոգիին, որով համակուած էին ազնիւ, հեզահամբոյր ու հայրենասէր փաղանգներ:
Պանք Օթոմանի խաչակրութիւնը զգաստութեան հրաւէր մըն էր նաեւ այն հասկացողութեամբ, որ թուրքը պատրուակներու կարիք չունէր իր հայաջինջ ծրագիրները ի գործ դնելու, սպանդներ կազմակերպելու եւ հայու արեան հեղեղ հոսեցնելու:
Միւս կողմէ, եթէ երբեք սերունդներու յիշողութեան մէջ պիտի ուզենք վառ պահել նման սխրանքներու մարդկային ու գաղափարական յատկանիշները, ապա պարտաւոր ենք ազգովին լոյսին բերել հայկական յեղափոխութեան աննման խաչակիրներու քաջագործութիւնները, ատիկա ըլլայ գեղարուեստական գրականութեան, շարժապատկերի թէ արդի արհեստագիտական նուաճումներու օգտագործումով:
Արդ, որպէսզի ամեակներու թաւալքին առընթեր հայաշունչ եւ վարակիչ յեղափոխական արարքներ չմատնուին փոշեթաթախ ըլլալու ճակատագիրին, հարկ է ցոյց տալ նոյնքան հայրենասէրի վարքագիծ եւ խանդավառ կեցուածք` գաղութահայ թէ պետական մակարդակի վրայ:
Արարատասէրի խաչակրութիւնը ա՛յս կը պահանջէ բոլորէս, անխտի՛ր:

