«Սեպտեմբերին Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի Բացման Վերաբերեալ Լուրը Անհիմն Է» Կ՛ըսէ Թիւրքօղլու
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Կիւրճան Թիւրքօղլու ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ սեպտեմբերին Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման վերաբերեալ լուրը անհիմն է:
«Այս տեղեկատուութիւնը որեւէ հիմք չունի: Իգտիրէն մինչեւ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ գտնուող Ալիճանի սահմանային անցակէտ տանող ճամբաներու կուպրապատումը կը կատարուի ոչ թէ սահմանի բացման, այլ այդ շրջանի բնակիչներու յարմար տեղաշարժին համար», յայտարարած է Թիւրքօղլու:
CATEGORIES Հայկական

